Եգիպտոսի Խորհրդարանի Լուծարումը «Վերջնական Է Եւ Ոչ Վիճարկելի»
By adminx - Tue Jul 10, 7:33 am
- 0 Comments
- 52 views
- Tweet
Email
Print
Եգիպտոսի նորընտիր նախագահ Մոհամետ Մուրսիի կողմէ նիստ մը գումարելու խորհրդարանին ուղղուած հրամանէն ետք, լուծարեալ խորհրդարանին նախագահը` Սաատ Քաթանի երէկ երեսփոխաններուն հրաւէր մը ուղղեց այսօր կէսօրէ ետք նիստ մը գումարելու, սակայն Եգիպտոսի Սահմանադրական դատարանը երէկ ժողով մը գումարելով յայտարարեց, որ իր բոլոր վճիռներն ու որոշումները, ներառեալ` խորհրդարանը լուծարելու որոշումը, «վերջնական եւ ոչ վիճարկելի» են:
Սահմանադրական դատարանը այդ վճիռը հրապարակած էր, որովհետեւ կուսակցականներ անկախներու յատկացուած աթոռներու շուրջ ընտրապայքար մղած էին:
- 0 Comments
- 52 views
- Tweet
Email
Print



