Անան – Ասատ «Շինիչ Ու Անկեղծ» Հանդիպում` Դամասկոսի Մէջ
By adminx - Tue Jul 10, 7:28 am
- 0 Comments
- 91 views
- Tweet
Email
Print
ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անան երէկ Դամասկոսի մէջ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ, որմէ ետք ուղղուեցաւ Թեհրան` սուրիական տագնապին շուրջ քննարկումներ կատարելու համար:
Անան Ասատի հետ իր հանդիպումէն ետք լրագրողներուն յայտնեց, որ Ասատի հետ «շինիչ ու անկեղծ քննարկումներ» կատարած է` նշելով, որ Ասատի հետ համաձայնութիւն գոյացուցած է լուծումի առաջարկի մը շուրջ, զոր պիտի քննարկէ «զինեալ ընդդիմութեան» հետ:
Ան ըսաւ, որ «բոլոր կողմերէն բռնարարքներու դադրեցման կարիքը, ատոր հասնելու միջոցներն ու քաղաքական երկխօսութիւն կատարելու հարցերը քննարկեցինք եւ համաձայնութիւն գոյացուցինք առաջարկի մը շուրջ, զոր պիտի ներկայացնեմ զինեալ ընդդիմութեան»:
Անան յայտնեց, որ «Ասատի հետ վեց կէտերը քննարկեցի եւ Սուրիա անոնց յանձնառու է»` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է քաղաքական երկխօսութիւն կատարելու աճապարել: Ան նշեց, որ ինք Սուրիայէն պիտի մեկնի, սակայն բռնարարքներուն վերջ տալու համար պիտի շարունակէ աշխատիլ սուրիական տագնապին վրայ ազդեցութիւն ունեցող բոլոր կողմերուն հետ:
Սուրիական պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հաղորդեց, որ Ասատ Անանի հետ քննարկած է սուրիական բեմին զարգացումները, ինչպէս նաեւ Ժընեւի ժողովը, որ Անանի ծրագիրը գործադրելու յարմար մեքանիզմ մը ճշդեց` շեշտելով, որ երկխօսութիւնը սուրիացիներուն միջեւ եւ սուրիացիներու ղեկավարութեամբ երկխօսութիւն մըն է:
Հաղորդագրութիւնը նշեց, որ Անան-Ասատ հանդիպումի մթնոլորտը «դրական եւ շինիչ» էին եւ սուրիական կողմը վստահեցուցած է, որ Սուրիա յանձնառու կը մնայ վեց կէտերու գործադրութեան, եւ այդ ծրագիրի յաջողութիւնը կախեալ է ահաբեկչական արարքներու, զէնքի մատակարարման եւ ֆինանսաւորման դադրեցումէն:
Նախքան պաշտօնական հաղորդագրութեան հրապարակումը, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ժիհատ Մաքտիսի «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ արդէն նշած էր, որ Ասատի եւ Անանի միջեւ «շինիչ եւ լաւ» ժողով մը տեղի ունեցած է:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին կոչ ուղղեց Սուրիոյ մէջ քաղաքական խաղաղ լուծում մը գտնելու` նշելով, որ լիպիական դիպաշարը Սուրիոյ մէջ կարելի չէ կրկնել: «Լիպիոյ ողբերգական դէպքերը պէտք չէ այլ երկիրներու մէջ կրկնել», ըսաւ ան:
Փութին ըսաւ, որ անհրաժեշտ է Սուրիոյ մէջ կողմերուն ստիպել, որ «խաղաղ լուծում» մը գտնեն` նշելով, որ «խաղաղ ջանքերը պէտք է տագնապներու լուծման համար առաջնահերթութիւն ըլլան»:
Ռուսիոյ նախագահը քննադատեց այլ երկիրներու, մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի երկիրներու ներքին հարցերուն միջամտելու Արեւմուտքին միակողմանի քաղաքականութիւնը:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ Մոսկուայի մէջ հիւրընկալեց սուրիացի ընդդիմադիր Միշել Քիլոն: Վերջինս Ռուսիոյ կոչ ուղղեց իր երկրին մէջ «կացութեան կայունացման» նպաստելու:
Քիլօ յայտնեց, որ «Սուրիա միջազգային ճակատումի թատերաբեմի վերածուեցաւ, եւ մենք` իբրեւ ժողովրդավար ուժերու ներկայացուցիչ, կը կարծենք, որ կացութեան կայունացումը Ռուսիոյ շահերէն կը բխի»:
Լաւրով իր կարգին յայտնեց, որ «Ռուսիա այն հազուագիւտ երկիրներէն է, եթէ ոչ միակը, որ սուրիական կառավարութեան եւ ընդդիմադիր տարբեր ուժերուն հետ աշխուժ կերպով կը գործէ` ջանք թափելով Քոֆի Անանի ծրագիրին գործադրութեան համար»: Ան կոչ ուղղեց Սուրիոյ մէջ բռնարարքները կարելի եղածին չափ շուտ դադրեցնելու եւ քաղաքական երկխօսութեան սկսելու:
Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետը ըսաւ, որ Մոսկուա Ժընեւի ժողովէն բխած հաղորդագրութեան գործադրութեամբ հետաքրքրուած է, այսինքն` Սուրիոյ մէջ բռնարարքներու դադրեցումով եւ ձեռնարկելով քաղաքական հոլովոյթի մը, որ սուրիական կողմերուն կ՛արտօնէ իրենց ճակատագիրը ճշդել:
Նշենք, որ Ռուսիոյ սպառազինութեան դաշնակցային ծառայութեան տնօրէնի տեղակալ Վիաչեսլաւ Ձիրքալ յայտարարած է, որ այնքան ատեն, որ Սուրիոյ մէջ իրավիճակը չէ կայունացած, Ռուսիա այդ երկրին հետ նոր զէնքերու վաճառքի որեւէ նոր համաձայնագիր պիտի չկնքէ:
Միւս կողմէ, թրքական «Աքշամ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ թրքական բանակի սպայակոյտի պետ Նեճտեթ Էօզեր յայտարարած է, որ Թուրքիա մտադիր չէ Սուրիոյ դէմ պատերազմի սկսիլ: Ան նշած է, որ «հակառակ Դամասկոսի սադրանքներուն», Թուրքիան պատերազմի պիտի չսկսի:
«Մենք կը հետեւինք իրադարձութիւններու ընթացքին եւ պիտի ընենք այն, ինչ որ բոլոր մեծ պետութիւնները կ՛ընեն: Մեր քայլերը պէտք է միջազգային ընտանիքին հետ համաձայնեցուած ըլլան», ըսած է ան:
Անդրադառնալով Սուրիոյ կողմէ թրքական կործանիչի վար առնուելուն` Էօզեր նշած է, որ իրենք ունին փաստեր, լուսանկարներ եւ ռատարներէն առնուած նկարներ, որոնք ցոյց կու տան, որ թրքական օդանաւը վար առնուած է ոչ թէ Սուրիոյ օդային տարածքին մէջ, այլ միջազգային ջուրերուն մէջ:
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ գերմանական «Էյ.Առ.Տի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Թուրքիան, Սէուտական Արաբիան եւ Քաթարը մեղադրեց Անանի խաղաղութեան ծրագիրը տապալելու համար: «Մենք գիտենք, որ Անան շատ խոչընդոտներու կը հանդիպի, սակայն կարելի չէ թոյլ տալ, որ անոր նախագիծը տապալի: Ատիկա շատ լաւ նախագիծ է: Հիմնական խոչընդոտը այն է, որ բազմաթիւ երկիրներ մինչեւ իսկ չեն ուզեր, որ անիկա յաջողութեամբ իրականացուի, ատոր համար ալ անոնք աջակցութիւն ցոյց կու տան ահաբեկիչներուն` անոնց ելեւմտական միջոցներ եւ զէնք տրամադրելով»:
Սուրիոյ նախագահը «ահաբեկիչներուն» սատարող երկիրներուն շարքին նշեց Սէուտական Արաբիան եւ Քաթարը, որոնք զինեալ ընդդիմութեան զէնք կը տրամադրեն, եւ Թուրքիան, որ անոնց նիւթական ու թեքնիք աջակցութիւն կը ցուցաբերէ:
Ինչ կը վերաբերի Ամերիկային, Ասատ զայն հակամարտող կողմ անուանեց, որովհետեւ, ըստ իրեն, Ուաշինկթըն կ՛աջակցի Սուրիոյ հակակառավարական ուժերուն` նպատակ ունենալով ապակայունացնել Սուրիոյ մէջ իրավիճակը:
Ասատ նշեց, որ չի պատրաստուիր իր պաշտօնէն հեռանալու, որովհետեւ «նախագահը պէտք չէ երկրի ներքին խնդիրներուն պատճառով փախչի»:
Եգիպտական «Ահրամ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ասատ յայտնած է, որ ինք ո՛չ Մուպարաքի, ո՛չ ալ Քազզաֆիի ճակատագիրէն կը վախնայ:
- 0 Comments
- 91 views
- Tweet
Email
Print




