Ռումանիոյ Խորհրդարանը Երկրին Նախագահը Երեսուն Օրով Իշխանութենէ Զրկած Է
By adminx - Tue Jul 10, 7:25 am
- 0 Comments
- 23 views
- Tweet
Email
Print
«Եուրոմակ» կը գրէ, որ Ռումանիոյ խորհրդարանը ձայներու մեծամասնութեամբ անվստահութիւն յայտնած է գործող նախագահ Թրայան Պասեսքուի դէմ եւ քուէարկած է անոր պաշտօնանկութեան օգտին:
Պաշտօնանկութեան կողմ քուէարկած են 258 օրէնսդիր, դէմ` 114: Այժմ խորհրդարանը զինք երեսուն օրով զրկած է իշխանութենէ, իսկ մինչ այդ` 29 յուլիսին տեղի պիտի ունենայ հանրաքուէ, որ պիտի որոշէ Պասեսքուի հետագայ ճակատագիրը:
Օրէնսդիրները իրենց որոշումը պատճառաբանած են այն փաստով, որ Պասեսքուի իշխանութեան գալէն ի վեր տնտեսական ճգնաժամն ալ աւելի խորացած է, իսկ անոր նախաձեռնած գործողութիւնները չեն համապատասխանած երկրի սահմանադրութեան:
«Եուրոմակ» կը յիշեցնէ, որ նախագահի պաշտօնը զբաղեցնելէն ի վեր ասիկա արդէն 2-րդ դէպքն է, երբ խորհրդարանը կը փորձէ Պասեսքուն պաշտօնանկ ընել: 2007-ին տեղի ունեցած հանրաքուէի արդիւնքները նախագահին թոյլ տուին պահպանել իր պաշտօնը:
- 0 Comments
- 23 views
- Tweet
Email
Print




