Ըստ «Ճերուզալեմ Փոսթ»-ի Իսրայէլ Կազայի, Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Դէմ Հաւանական Պատերազմի Կը Պատրաստուի
By adminx - Tue Jul 10, 7:24 am
- 0 Comments
- 43 views
- Tweet
Email
Print
Իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ իսրայէլեան տեղեկագիրներ հաղորդած են, որ իսրայէլեան ծովուժը կը մտածէ յառաջիկայ տարուան ընթացքին իր գնելիք մարտանաւերը օժտել կարճ եւ երկար հասողութեամբ հրթիռներով, որպէսզի ապագայ որեւէ պատերազմի, ինչպէս նաեւ Միջերկրական ծովուն մէջ կազի հանքերը պաշտպանելու իսրայէլեան ծովուժի ազդուութիւնը ամրապնդուի:
Օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ծովուժը կ՛ուզէ Կազայի, Լիբանանի կամ Սուրիոյ դէմ ցամաքային ուժերուն կողմէ որեւէ լայնածաւալ գործողութեան մը ընթացքին աջակցութիւն ցուցաբերել, որովհետեւ վերոնշեալ հրթիռները կարողութիւնը պիտի ունենան թշնամիին կեդրոնները, ներառեալ` զօրակայանները եւ ռատարի կեդրոնները հարուածելու:
Իսրայէլեան ծովուժէն ականաւոր պաշտօնատար մը օրաթերթին յայտնած է, որ «այս հրթիռները մեզի պիտի արտօնեն աւելի ազդու դերակատարութիւն ունենալ»:
Օրաթերթը կը նշէ, որ իսրայէլեան ծովուժը Լիբանանի դէմ վերջին պատերազմին կամ Կազայի դէմ գործողութեան ընթացքին միայն ծովային պաշարում կատարած է եւ ցամաքային ուժերուն նուազագոյն օժանդակութիւն ցուցաբերած է:
- 0 Comments
- 43 views
- Tweet
Email
Print



