Յունաստանի Կառավարութիւնը Ստացաւ Խորհրդարանի Վստահութեան Քուէն
By adminx - Tue Jul 10, 7:23 am
- 0 Comments
- 8 views
- Tweet
Email
Print
Անթոնիս Սամարասի գլխաւորութեամբ Յունաստանի համաձայնական կառավարութիւնը ստացաւ յոյն երեսփոխաններուն վստահութեան քուէն:
Խորհրդարանի կէսէն աւելին աջակցութիւն յայտնած է կառավարութեան, որ կը խոստանայ վարկատուներու հետ համաձայնութիւն գոյացնել:
Կառավարութեան նկատմամբ վստահութիւն յայտնած են խորհրդարանի երեք հարիւր երեսփոխաններէն 179-ը, այսինքն` համաձայնական կառավարութեան մաս կազմող կուսակցութեանց բոլոր երեսփոխանները: 121 երեսփոխաններ դէմ քուէարկած են:
Իշխող համաձայնական կառավարութեան մաս կը կազմեն Նոր ժողովրդավարութիւն, Համայունական ընկերվարական շարժում (ՓԱՍՕՔ) եւ Ժողովրդավարական ձախեր կուսակցութիւնները:
Կառավարութիւնը խոստացած է նախ եւ առաջ իրագործել համակարգային բարեփոխումներ, որոնք անհրաժեշտ են վարկատուներու վստահութիւնը վերականգնելու համար:
«Մենք սկիզբէն ըսած ենք` սնանկացումէն խուսափելու եւ Եւրոյի գօտիէն դուրս չգալու միջոցները տնտեսական աճն ու ներդրումներն են», ըսած է վարչապետ Անթոնիս Սամարաս:
- 0 Comments
- 8 views
- Tweet
Email
Print




