Saturday May 18, 2013

Հնագիտական. Հոյամողէզներու Ժամանակներէն Ի Վեր Ողջ Մնացած Մանրէնե՞ր…

By adminx - Tue Jul 10, 5:32 am

Մայիսի կսէերուն դանիացի խումբ մը մասնագէտներ Խաղաղական ովկիանոսին հիւսիսային յատակէն յայտնաբերած են արտասովոր կերպով դանդաղաշարժ ու չափազանցօրէն դանդաղ փոխարկական գործընթացներ ունեցող մանրէներ, որոնք անհաւատալիօրէն ողջ մնացած են մօտաւորապէս ութսունվեց միլիոն տարիէ ի վեր…:

Թէեւ 1990-էն սկսեալ մասնագէտներ յաճախ նշած են, թէ կարգ մը մանրէներ կրնան ովկիանոսներուն յատակը եղող տիղմերուն մէջ մխրճուած ապրիլ միլիոնաւոր տարիներ շարունակ, սակայն ցարդ առեղծուած մնացած էր այն, թէ ինչպէ՛ս նշեալ մանրէները ապահոված են իրենց սնունդը:

Այսուհանդերձ, վերջերս դանիացի մասնագէտները Խաղաղական ովկիանոսին հիւսիսային յատակը եղող տասնմէկ տարբեր վայրերէ հաւաքած են տիղմերուն մէջ մխրճուած մանրէներ: Ովկիանոսին նշեալ բաժինը կը կազմէ շրջանակաձեւ հոսանք մը, որ ինքնիր վրայ կը թաւալի` շատ շատ չնչին տարողութեամբ ջուր փոխանակելով ովկիանոսին մնացեալ բաժիններուն հետ` այդպիսով սնուցիչ նիւթերէ զուրկ պահելով իր անմիջական միջավայրն ու յատակը կուտակուած տիղմերը:

Նուազագոյն Սննդանիւթով`
Բաւարարուած

Վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող դանիացի կազմամանրակենսաբան Հենս Ռոյ ու անոր ընկերակցող մասնագէտներու խմբակը թթուածինի տարողութիւնները չափող յատուկ սարքերով գտած են, թէ տիղմերուն խորերը եղող մանրէները չափազանց դանդաղ կերպով թթուածին կը գործածեն: Մասնագէտները բացայայտած են նաեւ, թէ այդ մանրէները իրենց միջեւ կուտակուած օրկանական բնածուխի միեւնոյն տարողութիւնները պահպանած են:

Մասնագէտ Ռոյ բացատրած է, թէ նշեալ մանրէները հեռացած են աշխարհի մակերեսէն, երբ հոյամողէզները սկսած են բազմանալ անոր տարածքին: Այսուհանդերձ, անոնք իրենք զիրենք տեղաւորած են տիղմերուն մէջ եւ, ժամանակի ընթացքին այնքա՛ն դանդաղած են անոնց շարժումներն ու մարմնին մէջ տեղի ունեցողէ փոխարկական աշխատանքները, որ անոնք միլիոնաւոր տարիներ բաւարարուած մնացած են իրենց շուրջ եղած սննդանիւթերով:

Մասնագէտները նշած են, թէ նման ապրելակերպ ունեցող այլ տեսակի մանրէներ գոյութիւն ունին նաեւ մնացեալ ովկիանոսներուն տիղմերու խաւերուն մէջ:

Նշեալ Մանրէները Տարրալուծարանին
Մէջ
Ցանելը` Ապարդիւն

Մասնագէտ Ռոյ ըսած է, թէ ցարդ կարելի չէ եղած բաւարար տեղեկութիւն ձեռք ձգել վերոնշեալ մանրէներուն մասին` նկատի ունենալով, որ անոնց ծինային կերտուածքներուն յաջորդականութիւնը չէ համընկնած որեւէ տեսակի մանրէի ծինային կերտուածքներուն յաջորդականութեան: Հետեւաբար կարելի չէ եղած զանոնք կոչել գոյութիւն ունեցող մանրէներէն մէկուն անունով:

Մասնագէտ Ռոյ նշեալ երեւոյթը նմանցուցած է ոճիրի վայրէ մը ձեռք ձգուած մատնատիպերուն, որոնք սակայն չեն համընկնած գաղտնի ոստիկանութեան տրամադրութեան տակ եղող մատնատիպերու ցանկին մէջ տեղ գտած որեւէ մատնատիպի:

Գերմանացի ծովային մանրակենսաբան Տենի Իոնեսքուն ըսած է, թէ երբեք գործնական չէ եղած տարրալուծարանին մէջ ցանել միլիոնաւոր տարիներ տիղմերուն խորերը ապրած մանրէները, քանի որ տարրալուծարանին մէջ պատրաստուած սնուցիչ նիւթերով հարուստ եղող միջավայրերը չեն նպաստած հետեւելու անոնց ապրելակերպին` նկատի ունենալով, որ անոնք չեն վարժուած շատ ուտելու, ինչպէս նաեւ անոնց մօտ չափազանց դանդաղ եղած է մարմնին մէջ տեղի ունեցող փոխարկական աշխատանքներուն ընթացքը:

Մասնագէտ Իոնեսքուն նշած է նաեւ, թէ այդ մանրէներուն բազմապատկուելու գործընթացը եւս արտասովոր կերպով դանդաղ եղած է. մինչ այդ, այլ տեսակի մանրէներ ընդհանրապէս միլիոններով կը բազմապատկուին եւ այդ ալ` քանի մը օրուան մէջ միայն:

Սպունգները Շատ Աւելի
Երկարակեա՞
ց

Միւս կողմէ, սակայն, մասնագէտները կրցած են դիւրութեամբ ճշդել Խաղաղական ովկիանոսին յատակը եղող տիղմերուն խորերը ապրող այդ մանրէներուն տարիքը` պարզապէս հաշուելով տիղմի տարբեր խաւերը, նկատի ունենալով, որ այդ խաւերուն իւրաքանչիւր մէկ միլլիմեթրը կը կազմուի հազար տարուան ընթացքին:

Նաեւ մասնագէտները թթուածինի տարողութիւնը չափող յատուկ սարքեր գործածած են` գտնելու համար, թէ որքա՛ն տարողութեամբ թթուածինի պակասն է տիղմին տարբեր խաւերէն: Անշուշտ խաւերէն պակսած թթուածինը գործածուած է մանրէներուն կողմէ:

Վերոնշեալ ուսումնասիրութենէն ձեռք ձգուած տուեալները ցոյց տուած են, թէ իւրաքանչիւր մանրէ բազմապատկուած է քանի մը հարիւր տարին անգամ մը եւ կամ նոյնիսկ քանի մը հազար տարին անգամ մը:

Մասնագէտ Իոնեսքուն հետաքրքրական գտած է վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնը, քանի որ անիկա ցոյց տուած է, թէ ինչպէ՛ս մանրէները շարունակած են ապրիլ սնուցիչ նիւթերու չափազանց սահմանափակ տարողութիւններու մէջ եւ սովամահ չեն եղած:

«Նշեալ մանրէներուն չափազանց դանդաղաշարժ ապրելակերպը խզած է կեանքին սահմանները», աւելցուցած է մասնագէտ Իոնեսքուն:

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Օգտագործուած աղբիւր՝
«Նեշընըլ Ճիոկրաֆիք»

Leave a Reply

Advertisement