Թուրքիա Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առնչութեամբ Երեք Քայլերէ Բաղկացած Նոր Ծրագի՞ր Մը Ունի
By adminx - Mon Jul 09, 7:55 am
- 0 Comments
- 190 views
- Tweet
Email
Print
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Փարիզ մեկնելու ընթացքին լրագրողներու հետ զրուցած է տարբեր հարցերու շուրջ, ներառեալ` Հայոց ցեղասպանութեան մասին:
Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթի թղթակից Ասլը Այտընթաշպաշ կը նշէ, որ լրագրողները կարեւոր նկատած են հարցին քննարկումը, սակայն որոշած են այդ մասին տեղեկութիւնները հրապարակել աւելի ուշ` Փարիզէն վերադառնալէ ետք: «Օդանաւին մէջ Սուրիոյ հարցին մասին կը խօսէինք, սակայն խօսք բացուեցաւ նաեւ Հայկական հարցին մասին: Գուցէ ըսէք` Հայկական հարցը ի՛նչ կապ ունի, որ 1915-ի դէպքերը անգամ անկէ հարիւր տարի ետք ալ Թուրքիան կը շարունակեն կաթուածահար ընել: Օրինակ` Հրանդ Տինքը, Ֆրանսայի հետ յարաբերութիւններու գրեթէ ջնջուիլը` այդ հարցին պատճառով կամ Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսի «ցեղասպանութիւն» եզրի օգտագործելու վախէն ամէն տարի ծախսուող միլիոնաւոր տոլարները…», կը գրէ հեղինակը:
Լրագրողը Տաւութօղլուի խօսքերէն հասկցած է, որ 1915-ի դէպքերուն 100-ամեակին ընդառաջ Թուրքիա երեք քայլերէ բաղկացած նոր ծրագիր ունի. «Հայերուն դէմ 1915-ին ոչինչ տեղի ունեցած է ըսող Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար չկայ: Ես դէպքերը ցեղասպանութիւն չեմ նկատեր, սակայն ըսողներու ընտրութիւնն է: Մենք ձեր ցաւը չենք ժխտեր, կը հասկնանք, եկէք միասին նայինք, թէ ի՛նչ կարելի է ընել: Սակայն ատիկա չի կրնար միակողմանի մեղադրական ըլլալ», ըսած է Տաւութօղլու:
Ան պնդած է, որ իրենց պատմութեան մէջ ցեղային կոտորած չէ եղած, եւ այդ առումով իրենք գերմանացիներուն նման չեն: «Բաժակին լեցուն կողմէն կը նայիմ: Թէեւ ուշացումով` «ձեր ցաւը կը զգամ, հայերը պիտի լսենք» ըսելը կարեւոր է: Ակնյայտ է, որ 2015-ին ընդառաջ` միացեալ հռչակագիր կազմելու ջանքեր կան», կը գրէ Ասլը Այտընթաշպաշ:
Երկրորդ քայլը սփիւռքի հարցն է: Տաւութօղլուի համոզումով` թրքական սփիւռքը միայն թուրքերը չեն, այդ հողերէն արտագաղթած ամէն ոք իրենց համար սփիւռք է` հայերը, յոյները, հրեաները… Տաւութօղլու յայտնած է, որ հայկական սփիւռքին հետ այդ բանակցութիւնները շատոնց արդէն սկսած են:
Երրորդ ուղղութիւնը Հայաստանի հետ զգայուն դիւանագիտութիւնն է: Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը նշած է, որ արձանագրութիւնները տակաւին սեղանի վրայ են, եւ «հայերէն կը պահանջուի ընդամէնը դուրս գալ ազրպէյճանական տարածքներու մէկ փոքր մասէն»: Ատկէ ետք Թուրքիոյ սահմանը պիտի բացուի, առեւտուրն ու ներդրումները պիտի սկսին:
«Ատիկա հայերուն համար գրաւիչ առաջարկ է. թուրքերուն համար, սակայն, նիւթական որեւէ արժէք չունի, սակայն բաժանուած հոգիները, կորսուած ինքնութիւնը վերագտնելու ուղղուած քայլ մըն է», կը գրէ յօդուածագիրը:
«Եթէ կ՛ուզէք հայկական հարցին լուծման համար օգտակար ըլլալ, եկէք միասին աշխատինք: Երանի արձանագրութիւնները կեանքի կոչուին: Ատիկա չյաջողեցաւ զուտ հոգեբանական գործօններու պատճառով», լրագրողներուն ըսած է Տաւութօղլու:
- 0 Comments
- 190 views
- Tweet
Email
Print




