Շուրջ 157 Հազար Գերմանացի Կը Պահանջեն Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրէնք Որդեգրել
By adminx - Mon Jul 09, 7:54 am
- 0 Comments
- 83 views
- Tweet
Email
Print
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ շուրջ 157 հազար բնակիչներ կը պահանջեն, որ իրենց երկիրը Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնք մը որդեգրէ:
Առաջարկը հրապարակուած է Գերմանիոյ վարչապետի կայքէջին վրայ, ուր Գերմանիոյ քաղաքացիները իրենց տեսակէտներն ու առաջարկները կը յայտնեն երկրի ապագային վերաբերեալ: Ամէնէն հրատապ հարցերէն մէկը Հայկական հարցն է, ներկայ պահուս 156,870 գերմանացի կը պահանջեն, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ ժխտումը քրէականացնելու մասին օրէնք որդեգրուի:
Սակայն այս շաբաթ դիմումի քանի մը մասնակիցներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել մերժած է այդ առաջարկը, որովհետեւ, ըստ անոր, այդպիսի օրէնքի որդեգրումը բացասական ազդեցութիւն պիտի ունենայ Գերմանիոյ առեւտրական գլխաւոր գործընկեր Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն վրայ:
Մերքել Հայկական հարցին վերաբերող առաջարկը մերժելէ բացի, նաեւ մերժած է իսլամութեան աւելի քննադատաբար վերաբերելու առաջարկը, որ բաւական նուրբ նիւթ է Գերմանիոյ մէջ, ուր կը բնակին շուրջ չորս միլիոն մահմետականներ:
- 0 Comments
- 83 views
- Tweet
Email
Print



