Wednesday Jun 19, 2013

Աժուպալիս. «Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Խաղաղ Լուծման Այլընտրանքներ Չկան»

By adminx - Mon Jul 09, 7:54 am

Աուտրոնիուս Աժուպալիս

Անցեալ շաբաթ ԵԱՀԿ-ի նախագահող Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարար Աուտրոնիուս Աժուպալիս «ԱզերԹաճ»-ին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը պէտք է լուծուի միայն խաղաղ ճամբով:

«Տագնապի խաղաղ լուծման այլընտրանքային տարբերակներ գոյութիւն չունին: Ուժի կիրարկումը, ինչպէս նաեւ` սթաթիւս քոն, չեն նպաստեր երկարաձգուած տագնապին լուծման», ըսած է ան:

Ինչ կը վերաբերի ազրպէյճանական կողմէն հրադադարի վերջին խախտումներուն, ան ըսած է. «Այդ միջադէպերը կ՛ընդգծեն միջադէպերու հետաքննման մեքանիզմի կարեւորութիւնը, ինչպէս առաջարկած էր ԵԱՀԿ-ն: Սովորական գործնական քայլերը, ինչպէս` արձակազէններու շփման գօտիէն հեռացումը եւ միջադէպերու հետաքննութեան արդիւնաւէտ մեքանիզմի վերականգնումը, պիտի յանգեցնեն յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութեան զգալի նուազեցման»:

Նախարարը ընդգծած է, որ անցեալ տարի Լիթուանիոյ մէջ կանխարգիլուած էր Լեռնային Ղարաբաղի անկայուն իրավիճակի սրումը, երբ 6 դեկտեմբերին Վիլնիւսի մէջ Նախարարներու խորհուրդը Մինսքի խմբակի պատուիրակութիւններու ղեկավարները, համանախագահ երկիրներու ներկայացուցիչները եւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները համաձայնութիւն գոյացուցած էին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափով բանակցութիւնները շարունակելու:

 

Leave a Reply

Advertisement