«Այս Հանգրուանին Պէտք Է Պահել Կառավարութիւնը, Սակայն Անհրաժեշտ Է Նաեւ Բարելաւել Անոր Աշխատանքը» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի
By adminx - Mon Jul 09, 7:53 am
- 0 Comments
- 78 views
- Tweet
Email
Print
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Էյ. Էն. Պի.» կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող հարցերուն, ինչպէս նաեւ վերջերս Հըզպալլա – Ամալ շարժում – Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւն դաշինքին պարագային արձանագրուած հարցերուն:
Յ. Բագրատունի ցաւ յայտնեց, որ վերջին հանգրուանին Լիբանանի մէջ նոյնիսկ ելեկտրականութիւնը, ջուրը, վառելանիւթը, քաղաքացիներուն ապրուստին վերաբերող հարցերը քաղաքականացած են` հաւասարակշռուած բարգաւաճման հիման վրայ, աւելցնելով սակայն, որ Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակներուն վերաբերող թղթածրարը, որ որոշ թիւրիմացութիւն ստեղծած է վերոնշեալ դաշնակից ուժերուն միջեւ, չի կրնար պատճառ դառնալ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Հըզպալլայի միջեւ դաշինքին խզումին:
Անդրադառնալով խորհրդարանի նիստին ընթացքին սարակներուն վերաբերող օրինագիծին վաւերացման` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ խորհրդարանի նիստին ընթացքին այնպէս մը պատահեցաւ, որ կարծէք ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ առանձինը կը պաշտպանէ իր թեզը եւ կառավարութիւնը լուռ կը դիտէ: «Մինչդեռ Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակներուն վերաբերող օրինագիծը Պասիլի անձնական օրինագիծը չէ, այլ` կառավարութեան ներկայացուցած օրինագիծը, որ նոյնիսկ չքննարկուեցաւ, այլ քննարկուեցաւ երեսփոխաններուն կողմէ ներկայացուած օրինագիծը, ինչ որ խորհրդարանի ներքին կանոնագիրին չի համապատասխաներ», ըսաւ երեսփոխան Բագրատունի:
Սարակներու թղթածրարին գծով գոյացած միջքրիստոնէական համախոհութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ անիկա երկրին օգտին համար է եւ լիբանանցիները կը հանգստացնէ, հաւասարակշռութիւն կը հաստատէ երկրին մէջ` վերջ տալով Լիբանանի մէջ իշխող քրիստոնեայ քաղաքական ուժերուն երկփեղկումին:
Այս շրջագիծին մէջ, Յ. Բագրատունի ընդգծեց նաեւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին դերակատարութեան կարեւորութիւնը` քրիստոնեաները համախմբելու իմաստով: «Մենք կարիքը ունինք ձայնի մը, որ քրիստոնեաները կը համախմբէ եւ ոչ թէ զանոնք իրարմէ կը հեռացնէ: Երկրին ազատութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան, ինչպէս նաեւ ազգային սկզբունքներուն եւ համերաշխութեան գծով մենք միակարծիք ենք, բացի Դիմադրութեան հարցէն, որուն շուրջ իւրաքանչիւրը իր մեկնաբանութիւնն ու համոզումը ունի: Եթէ այսօր մեզի իբրեւ քրիստոնեաներ` Լիբանանի մէջ վտանգ չի սպառնար, պէտք չէ մոռնանք, որ մեր շրջանին մէջ` Իրաքի, Պաղեստինի, Եգիպտոսի թէ այլ շրջաններու մէջ քրիստոնեայ համայնքին դէմ ի՛նչ սպառնալիքներ գոյութիւն ունին», ըսաւ Յ. Բագրատունի:
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը շեշտեց, որ զօր. Աուն իր կեցուածքներով կ՛օժանդակէ Հըզպալլային եւ իր դաշնակիցներուն դուրս գալու փտածութեան մնացորդացէն: Ան հաստատեց, որ տեղեկատուութեան լուսարձակներէն անդին հաղորդակցութիւններ եւ խորհրդակցութիւններ կան լուծելու համար այդ հարցը եւ պահպանելու համար ե՛ւ սարակներուն, ե՛ւ Ելեկտրականութեան ընկերութեան իրաւունքները:
Կառավարութեան աշխատանքներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ կառավարութեան աշխատանքը արդիւնաբեր չէ` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է աշխատանք տանիլ եւ արդիւնքներ արձանագրել, որպէսզի լիբանանցին քանի մը տարիէն հանգստանայ` նուազագոյնը ստանալով իր տարրական իրաւունքները: «Պէտք է քննել հարցերը, առաջնահերթութիւններ ճշդել եւ լուծումներ որոնել, որպէսզի կարելի ըլլայ արմատական լուծումներ ապահովել եւ կառավարութեան աշխատանքը աշխուժացնել», ըսաւ ան:
«Բայց եւ այնպէս կառավարութիւնը այսօր հրաժարելու կարելիութիւն չունի, որովհետեւ կան շրջանային պայմաններ, որոնք իրենք զիրենք կը պարտադրեն եւ կառավարութեան հրաժարելու պարագային Լիբանանի համար այլ կառավարութիւն մը կարելի պիտի չըլլայ կազմել: Այս հանգրուանին պէտք է պահել կառավարութիւնը, սակայն անհրաժեշտ է նաեւ բարելաւել անոր աշխատանքը», նշեց ան:
2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ ընտրութիւնները պէտք է կայանան սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին` աւելցնելով, որ պէտք է ընտրութիւնները կատարել:
Ընտրական օրէնքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ այդ ընտրութիւնները պիտի կայանան Տոհայի մէջ որդեգրուած ընտրական օրէնքին համաձայն: Այս ծիրին մէջ, երեսփոխան Բագրատունի նկատել տուաւ, որ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքին շուրջ միջքրիստոնէական համախոհութիւն չկայ, որովհետեւ քաղաքական իւրաքանչիւր կողմ համամասնական դրութիւնը իր շահերուն համաձայն կը գնահատէ:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլի միջեւ հանդիպումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ Ժեմայէլի ՀՅԴ «Շաղզոյեան» կեդրոն այցելութիւնը բնական է` նկատի ունենալով, որ 2007-ի մասնակի ընտրութեան տխուր էջը մենք փակեցինք, երբ այցելեցինք Պիքֆայա, իսկ այս այցելութիւնը մեր այցելութիւնը փոխադարձելու ծիրին մէջ կ՛իյնայ: «Այդ այցելութիւնը կազմակերպելու իմաստով ջանքեր եղան, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Ամին Ժեմայէլ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին վերջին անգամ այցելած է, երբ ան տակաւին հանրապետութեան նախագահն էր»:
ՀՅԴ-ի եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան միջեւ ընտրական դաշինքի մը գոյութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ նման քննարկում չէ կատարուած` աւելցնելով սակայն, որ այդ հանդիպումը քրիստոնեայ միջավայրին մէջ հանգստութիւն մը պատճառած է:
Ան հաստատեց նաեւ, որ ՀՅԴ-ի ընտրական մեքենան արդէն իսկ պատրաստ է եւ գումակային բոլոր միջոցները ունի մասնակցելու յաջորդ ընտրութիւններուն:
«Մենք կը զօրակցինք երկկողմանի կամ եռակողմանի բոլոր հանդիպումներուն, որոնք տեղի կ՛ունենան քաղաքական ղեկավարներուն միջեւ, ինչպէս նաեւ կը գնահատենք քաղաքական անձնաւորութիւններուն միջեւ փոխադարձ յարգանքի պահպանումը, նոյնիսկ երբ անոնք քաղաքական տարակարծութիւններ ունին», ըսաւ ան:
Լիբանանի մէջ ապահովական ամսուան անդրադառնալով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ անհրաժեշտ է գնահատել կառավարութեան եւ նախարարներուն ճիգերը` քննադատելով լիբանանցիին կողմէ ամէն բան հեգնելու քաղաքականութիւնը: Ան շեշտեց, որ ապահովական կառոյցը կրնայ աւելի եւս սրբագրել երկրին ապահովական խախտումները` աւելցնելով, որ լիբանանեան պետութեան հեղինակութեան քայքայման պատճառը ամբողջ պետութիւնն է` իր նախարարներով, կառավարութեամբ, հանրապետութեան նախագահով եւ երեսփոխաններով:
Ան շեշտեց, որ անիւներու հրկիզման ու ճամբաներու փակման կասեցումը պէտք է ամբողջ Լիբանանին վերաբերի եւ ոչ միայն Պէյրութի միջազգային օդակայանին ճամբուն:
Սայտայի մէջ նստացոյց հրաւիրած շէյխ Ահմետ Ասիրի մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ան երեւոյթ մըն է, զոր իր չափին մէջ պէտք է դիտել` առանց զայն իր չափէն աւելի մեծցնելու: «Սայտայի մէջ արդէն իսկ համախոհութիւն գոյացած է` շէյխ Ասիրի նստացոյցին դէմ, եւ այդ իմաստով պէտք է լուծել հարցը», ըսաւ ան:
Սուրիոյ տագնապին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ սուրիացի ժողովուրդն է, որ պիտի որոշէ իր ճակատագիրը եւ ինքն է, որ պիտի որոշէ իր նախագահին ճակատագիրը: «Ոչ ոք պէտք է միջամուխ ըլլայ այդ որոշումին: Ես չեմ փափաքիր, որ Լիբանանի մէջ մեր վկայած ու ապրած քաղաքացիական պատերազմը կրկնուի Սուրիոյ մէջ, որովհետեւ օգտուողը միայն Իսրայէլն է, որ պէտք չունի այս կամ այն արաբական երկրին վրայ պատերազմ սանձազերծելու, ընդհակառակն` արաբները իրարու կը սպաննեն եւ Իսրայէլ հանգիստ կ՛ապրի», ըսաւ ան` եզրափակելով, որ Արեւմուտքը անտարբեր է սիւննի-շիի հաւանական բախումներուն գծով, որովհետեւ զայն հետաքրքրողը Միջին Արեւելքի քարիւղն է եւ Իսրայէլի անվտանգութիւնը:
- 0 Comments
- 78 views
- Tweet
Email
Print




