Ապպաս Հոլլանտէն Արաֆաթի «Նահատակութեան» Շուրջ Միջազգային Հետաքննիչ Յանձնախումբի Մը Կազմութիւնը Պահանջած Է
By adminx - Mon Jul 09, 7:34 am
- 0 Comments
- 37 views
- Tweet
Email
Print
Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան գործադիր յանձնախումբի անդամ Սայեպ Օրէյքաթ յայտարարեց, որ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտէն պահանջած է Եասեր Արաֆաթի «նահատակութեան» շուրջ հաւաստի միջազգային հետաքննիչ յանձնախումբի կազմութեան համար ջանք թափել` հետեւելով Լիբանանի նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան շուրջ ստեղծուած միջազգային հետաքննիչ յանձնախումբի օրինակին:
Ան նշեց, որ եթէ միջազգային հետաքննութիւն տեղի չունենայ, Արաբական լիկայէն պիտի պահանջուի արաբական-միջազգային հետաքննութիւն կատարել աւելցնելով, որ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարը այս առումով խոստում տուած է:
Ապպաս շաբաթ օր Հոլլանտի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Արաֆաթի մահուան շուրջ յայտնաբերուած նոր տուեալներուն շուրջ հետաքննութիւն կատարելու կարեւորութիւնը շեշտած էր:
- 0 Comments
- 37 views
- Tweet
Email
Print



