Wednesday Jun 19, 2013

Այսօր Դամասկոս Այցելելու Նախօրեակին Անան Սուրիոյ Մէջ Իր Ձախողութիւնը Յայտարարեց

By adminx - Mon Jul 09, 7:28 am

Քոֆի Անան

ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անան շաբաթ օր ֆրանսական «Լը Մոնտ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ սուրիական տագնապը իր ներկայ կացութենէն դուրս բերելու իր առաքելութեան մէջ «չէ յաջողած»: «Այս տագնապը 16 ամիսէ ի վեր կը շարունակուի, սակայն միջամտութիւնս երեք ամիս առաջ սկսաւ, եւ այդ կացութեան խաղաղ ու քաղաքական միջոցներով լուծում մը գտնելու մեծ ջանքեր թափուեցան, սակայն յստակ է, որ չյաջողեցանք, եւ կրնայ որեւէ երաշխիք չըլլալ, թէ պիտի յաջողինք»:

Անան ըսաւ, որ «Ռուսիա ազդեցութիւն կը բանեցնէ, սակայն վստահ չեմ, որ Ռուսիա մինակը կրնայ դէպքերուն ընթացքը ճշդել… որովհետեւ Իրան դերակատար է, եւ անհրաժեշտ է լուծումին մաս կազմել: Անիկա ազդեցութիւն ունի եւ չենք կրնար զայն անտեսել»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն երէկ յայտնեց, որ «այն, ինչ որ Անան ըսաւ, պէտք է բոլորը սթափեցնէ, որովհետեւ կը խոստովանի, որ սուրիական վարչակարգին կողմէ վեց կէտերէ բաղկացած համաձայնութիւնը գործադրելու որեւէ շարժում չեղաւ»` աւելցնելով, որ եթէ բռնարարքներուն վերջ տրուի եւ քաղաքական փոխանցման հանգրուանի նախաձեռնուի, կարելի պիտի ըլլայ սուրիացի ժողովուրդը փրկել աղէտալի կացութենէ մը, որ «այդ երկրին եւ շրջանին համար վտանգ մը պիտի ըլլայ»:

Քլինթըն նշեց, որ որեւէ կասկած չկայ, որ ընդդիմութիւնը իր պաշտպանողականին մէջ աւելի ազդու դարձած է եւ կը շարունակէ յարձակումը: Անդրադառնալով սուրիական վարչակարգի բարձր մակարդակներուն վրայ արձանագրուող անջատումներուն` ան Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը զգուշացուց, որ «աւազէ ժամացոյցին մէջ աւազը կը նուազի»: «Պէտք է յստակ ըլլայ, որ վարչակարգին զօրակցողներուն համար օրերը համրուած են», ընդգծեց Քլինթըն:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս յայտնեց, որ սուրիական վարչակարգը կը գոյատեւէ շնորհիւ Ռուսիոյ եւ Չինաստանի աջակցութեան` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է այդ երկիրները համոզել զօրավիգ կանգնելու տագնապի լուծման համար ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ որոշումի մը: Նշենք, որ Փարիզի մէջ դիւանագիտական աղբիւրներ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ ֆրանսական կառավարութիւնը մտադիր է Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Անանի ծրագիրը գործադրելը պարտադիր դարձնող որոշումի մը շուրջ բանակցիլ: Աղբիւրը կը նշէ, որ այդ հարցը Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ մարտավարական համաձայնութեան մը կը կարօտի:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն իր կարգին յայտնեց, որ սուրիական տագնապին մէջ բեկում յառաջացնելու համար Ապահովութեան խորհուրդին մէջ միացեալ կեցուածք պէտք է յառաջացնել:

Մինչ այդ, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ժիհատ Մաքտիսի յայտարարեց, որ Անան այսօր Սուրիա պիտի այցելէ:

«Սի. Էն. Էն. Թիւրք» հաղորդեց, որ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Իսմեթ Եըլմազ յայտարարած է, որ սուրիական բանակին կողմէ վար առնուած թրքական կործանիչին վրայ հրթիռային հարուածի տեղ չէ եղած: «Այժմ աշխատանքներ կ՛ընթանան: Միակ բանը, որ կրնամ հիմա ըսել, այն է, որ Սուրիա օդանաւը վար առնելով միջազգային օրէնքը խախտած է: Մինչեւ հիմա ուսումնասիրուած մասերուն վրայ հրթիռի հետքեր չեն յայտնաբերուած»:

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը` վկայակոչելով իր աղբիւրները, կը հաղորդէ, որ 26 յունիսին Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած ՕԹԱՆ-ի փակ նիստին ընթացքին դաշինքի անդամները մերժած են Սուրիոյ վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտի ստեղծելու, ինչպէս նաեւ ապահովական գօտիներ ստեղծելու Թուրքիոյ ծրագիրը:

Միւս կողմէ, ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ սուրիական զինեալ ուժերը յառաջիկայ քանի մը օրերուն ցամաքային ուժերու, ծովուժի եւ օդուժի իսկական զինամթերքով ռազմափորձեր պիտի կատարեն` ծովէն անակնկալ յարձակում մը ետ մղելու անոնց մարտական պատրաստուածութիւնը քննելու համար:

 

 

Leave a Reply

Advertisement