Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Ապահովական Պատասխանատուներ
By adminx - Mon Jul 09, 7:19 am
- 0 Comments
- 36 views
- Tweet
Email
Print
Անցեալ շաբաթավերջին Արամ Ա. կաթողիկոս Պիքֆայայի վանքին մէջ ընդունեց ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմը: Յայտնենք, որ վեհափառը քանի մը օրեր առաջ նաեւ ընդունած էր լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Էտմոն Ֆատէլը:
Յիշեալ հանդիպումներուն ընթացքին քննուեցան Լիբանանի ներքին ապահովութեան կապուած հարցեր: Վեհափառը կարեւորութեամբ շեշտեց Լիբանանի ներքին կացութիւնը եւ միասնականութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը: Ան ըսաւ, որ «Լիբանանը համայնքներու ընտանիք մըն է, նոյն ընտանիքին մէջ զգայնութիւններ ու դժուարութիւններ կրնան ըլլալ, այդ բոլորը պէտք է քննուին ու լուծման առաջնորդող ճամբաներ որոնուին երկխօսութեամբ եւ փոխադարձ հասկացողութեամբ, եւ միշտ մեկնելով Լիբանանի ընդհանրական ու գերագոյն շահերէն»:
Յայտնենք, որ վեհափառին այցելուները յարգանքով ու գնահատանքով արտայայտուեցան Լիբանանի հայ համայնքին մասին` լիբանանահայերը նկատելով օրինակելի քաղաքացիներ:
- 0 Comments
- 36 views
- Tweet
Email
Print



