Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Միացեալ Նահանգներէն Խումբ Մը Բարերարներ Եւ Ազգայիններ
By adminx - Mon Jul 09, 7:19 am
- 0 Comments
- 89 views
- Tweet
Email
Print
Ուրբաթ երեկոյեան Պիքֆայայի վանքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Միացեալ Նահանգներէն Լիբանան ժամանած խումբ մը բարերարներու եւ ազգայիններու` Լիբանանի ազգայիններէն Հրայր Սարգիսեանի գլխաւորութեամբ: Վեհափառին հետ բարերարներուն ու ազգայիններուն ունեցած շուրջ երկու ժամուան հանդիպման ներկայ էր նաեւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետ տոքթ. Պետրոս Գարաճրճեան:
Հանդիպման ընթացքին վեհափառը լայն բացատրութիւններ տուաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կառոյցին ու առաքելութեան մասին` վեր առնելով կաթողիկոսարանի զանազան բաժանմունքներուն գործունէութիւնը: Ան ըսաւ, որ եկեղեցին առաքելութիւն է ու ծառայութիւն, հետեւաբար, ինչ որ կը կատարուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ, ա՛յս համոզումով ու հեռանկարով է, որ կը ծրագրուի ու կ՛իրագործուի:
Ապա վեհափառը պատասխանեց իրեն ուղղուած շարք մը հարցումներուն` Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան եւ մանաւանդ հայ եկեղեցին վերանորոգելու ու երիտասարդութեան դերը աւելի շեշտելու անհրաժեշտութեան մասին:
Վեհափառին հետ իրենց ունեցած հանդիպումէն ետք հիւրերը այցելեցին վանքին կից գտնուող Ցեղասպանութենէն ետք հայութեան վերազարթօնքը խորհրդանշող յուշարձանը:
- 0 Comments
- 89 views
- Tweet
Email
Print



