Thursday Jun 13, 2013

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Նախաձեռնած Յուշամատեաններու Հրատարակութիւնը Սկսաւ

By adminx - Mon Jul 09, 7:18 am

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով այլ ձեռնարկներու շարքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը Արամ Ա. կաթողիկոսին անմիջական հսկողութեամբ նախաձեռնած է Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ հայահոծ շրջաններու նուիրուած յուշամատեաններու հրատարակութեան: Շուրջ 100 հատորներէ բաղկանալիք յուշամատեաններու հրատարակութեան այս եզակի ծրագիրը արդէն իսկ գործնական ընթացքի մէջ մտած է:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ յուշամատեաններու շարքին առաջին հատորը` Բիւզանդ Եղիայեանի հեղինակութեամբ «Պատմութիւն Ատանայի հայոց»: Հատորը կը բաղկանայ աւելի քան 100 էջերէ. անոր մեկենասն է Ապու Տապիէն տէր եւ տիկին Գրիգոր Մահսերեճեան:

Ինչպէս յուշամատեաններու հրատարակութիւնը ծանուցող յայտարարութեան մէջ ըսուած էր, իւրաքանչիւր հատորին տպաքանակը պիտի ըլլայ 1000 օրինակ, եւ օրինակներ պիտի տրամադրուին Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի բոլոր մատենադարաններուն, կրթական ու մշակութային կառոյցներուն եւ հայրենակցական միութիւններուն:

Շարքին երկրորդ թիւը` «Պատմութիւն Հաճնոյ հայոց», տպագրութեան ընթացքի մէջ է:

Leave a Reply

Advertisement