Wednesday May 22, 2013

Եւրոպական Խորհուրդը Կը Սկսի Հայաստանի 2012-2014-ի Գործողութիւններու Ծրագիրին

By adminx - Sat Jul 07, 7:45 am

Եւրոպական խորհուրդը

Եւրոպական Խորհուրդը 12 յուլիսին Երեւանի մէջ պիտի սկսի իր եռամեայ գործողութիւններուն ծրագիրը, որ նպատակ ունի աջակցելու Հայաստանի բարեփոխումներու օրակարգի մարդու իրաւունքներու, օրէնքի գերակայութեան եւ ժողովրդավարութեան մարզերուն մէջ:

Ըստ Եւրոպական Խորհուրդի գրասենեակի մամլոյ հաղորդագրութեան, նոր ծրագիրի իրականացումը պիտի արժէ 15 միլիոն եւրօ: Անիկա պիտի կեդրոնացնէ իր գործողութիւնը Մարդու իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագրի արդիւնաւէտ իրականացման, ազգային, մարզային եւ տեղական մակարդակներու մէջ ամուր ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ հոլովոյթներու, ինչպէս նաեւ հանրային որոշումներու կայացման հոլովոյթին մէջ հիմնական հասարակական եւ քաղաքացիական գործիչներու աւելի աշխուժ մասնակցութեան վրայ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հանդէս պիտի գայ համաժողովի բացման խօսքով: Կապրիելա Պադայինի-Տրակոնի` ծրագիրներու ընդհանուր տնօրէնը եւ Եւրոպական Խորհուրդի նորընտիր ընդհանուր քարտուղարի տեղակալը պիտի ներկայացնէ գործողութիւններուն ծրագիրը:

Հայաստան Եւրոպական Խորհուրդին անդամակցած է 2001-ին եւ պիտի նախագահէ Նախարարներու կոմիտէն 2013 մայիս-նոյեմբերին:

 

Leave a Reply

Advertisement