Thursday May 23, 2013

Ժընեւի Մէջ Ցեղասպանութեան Առնչուող Հարցեր Քննարկուած Են

By adminx - Sat Jul 07, 7:43 am

News.am կը հաղորդէ, որ 19 յունիսին Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց խորհուրդի 20-րդ նստաշրջանի ծիրին մէջ Աւստրալիոյ, Հունգարիոյ, Նիկերիոյ, Թայլանտի եւ Ուրուկուէյի ներկայացուցիչները կազմակերպեցին պաշտպանելու պատասխանատուութեան սկզբունքի կիրարկման հարցին մէջ Մարդկային իրաւանց խորհուրդի կարեւոր դերի ուսումնասիրման նպատակով բարձրաստիճան քննարկում մը:

Քննարկման առանցքն էին պաշտպանելու պատասխանատուութեան երկու հիմնարար «սիւները»` սեփական ժողովուրդը պաշտպանելու պետութեան պատասխանատուութիւնը եւ միջազգային ընտանիքին կողմէ այդ պետութեանց իրենց բնակիչները ցեղասպանութենէ, պատերազմական ոճիրներէ, ցեղային զտումներէ եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներէ պաշտպանելու հարցին մէջ օժանդակութիւն տրամադրելու յանձնառութիւնը:

Քննարկումներու ընթացքին Հայաստանի պատուիրակութիւնը կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ պաշտպանութեան պատասխանատուութեան սկզբունքի` մարդկութեան անվտանգութեան համակարգին մէջ կարեւորութիւնը շեշտեց: Նշուեցաւ, որ հայ ժողովուրդը վերապրեցաւ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութենէն, որուն իբրեւ արդիւնք 1.5 միլիոն հայ զոհուեցաւ, եւ այդ պատճառով Հայաստանը կ՛ողջունէ մարդկութեան դէմ ոճրագործութեան կանխարգիլման ուղղուած որեւէ ջանք: Այս առումով իբրեւ դրական փորձառութեան օրինակ նշուեցաւ  հայոց սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք տասնեակ երկիրներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման փաստը:

Անդրադառնալով քննարկուող հիմնարար «սիւներուն»` Հայաստանի պատուիրակութիւնը նշեց, որ 1.5 միլիոն հայերու կոտորածը պետութեան` սեփական բնակչութիւնը պաշտպանելու պատասխանատուութեան սկզբունքի ձախողութիւնն է, իսկ 2.5 միլիոն հայերու փրկութիւնը, Հայաստանի, հայոց սփիւռքի եւ հայ ժողովուրդի գոյութիւնը` միջազգային ընտանիքին կողմէ պաշտպանելու յանձնառութեան յաջողութիւնն է:

20 յունիսին Լեհաստանի եւ Հունգարիոյ ներկայացուցիչները Ցեղասպանութեան եւ զանգուածային ոճրագործութիւններու միջազգային կանխարգիլման պուտափեշտեան կեդրոնին հետ համագործակցաբար կազմակերպեցին Ռաֆայէլ Լեմքինի յիշատակին նուիրուած աշխատանքային քննարկում, որուն նիւթն էր «Լեմքինի անուան մրցանակի սահմանումը ցեղասպանութեան եւ զանգուածային կոտորածներու կանխարգիլման համար»:

Քննարկումներուն ընթացքին Հայաստանի պատուիրակութիւնը կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձաւ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման գործին մէջ Լեմքինի անգնահատելի դերին: Նշուեցաւ Լեմքինի յայտնի այն յայտարարութիւնը, թէ «մենք շուտ կը մոռնանք: Երէկ զոհերը «միայն» հայեր էին, այսօր` «միայն հրեաներ, սակայն նաեւ լեհեր եւ այլ եւրոպացիներ: Արդեօք վաղը ո՞վ պիտի ըլլայ»:

Հայաստանի պատուիրակութիւնը նշեց նաեւ ցեղասպանութեան կանխարգիլման հարցին մէջ ներդրում ունեցողներուն Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի մրցանակի եւ Ցեղասպանութեան թանգարանին կողմէ սահմանուած Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրման համար նախատեսուած կրթաթոշակի մասին:

Թուրքիոյ պատուիրակութիւնը ի պատասխան Հայաստանի յայտարարութեան ներկայացուց իր մօտեցումները, որոնք բացասական կերպով ընդունուեցան ներկաներուն կողմէ, որոնք զանոնք գնահատեցին պատասխան ոչ թէ Հայաստանի պատուիրակութեան, այլ` Լեմքինի:

 

Leave a Reply

Advertisement