Sunday May 26, 2013

«Րաֆֆի Յովհաննիսեան Պիտի Ըլլայ «Ժառանգութեան» Նախագահի Թեկնածուն» Կ՛ըսէ Զարուհի Փոստանջեան

By adminx - Sat Jul 07, 7:41 am

Րաֆֆի Յովհաննիսեան

Ժառանգութիւն կուսակցութիւնը նախագահական յառաջիկայ ընտրութիւններուն պիտի ունենայ իր թեկնածուն եւ այդ մարդը անվերապահօրէն պիտի ըլլայ կուսակցութեան առաջնորդ Րաֆֆի Յովհաննիսեանը: Այս մասին երէկ հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսին ըսաւ Ժառանգութիւն կուսակցութեան վարչութեան անդամ, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Զարուհի Փոստանջեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք նման յստակ որոշում արդէն կա՞յ կուսակցութեան մօտ, քանի որ մինչեւ հիմա կուսակցութեան միւս անդամները պարբերաբար ըսած են, որ Րաֆֆի Յովհաննիսեան տակաւին վերջնական որոշում չէ կայացուցած, ան պատասխանեց,- «Ի հարկէ որոշում չկայ, քանի որ տակաւին չենք հասած հոլովոյթի այդ փուլին: Տակաւին ժամանակ կայ, բայց ան պիտի ըլլայ Րաֆֆի Յովհաննիսեանը»:

Զարուհի Փոստանջեան յոյս յայտնեց, որ Ժառանգութիւն կուսակցութեան առաջնորդը ըլլայ ընդդիմութեան միասնական թեկնածուն:

«Մենք այն ուժն ենք, որ կ՛ուզէ իրական ու համակարգային փոփոխութիւններու հասնիլ», ըսաւ ան:

Զարուհի Փոստանջեան նշեց, որ եթէ Հայ ազգային քոնկրես ընդդիմադիր դաշինքի առաջնորդ Լեւոն Տէր Պետրոսեան նախագահական յառաջիկայ ընտրութիւններուն առաջադրէ իր թեկնածութիւնը, «Ժառանգութիւն» կուսակցութիւնը զայն պիտի չընդունի իբրեւ միասնական թեկնածու եւ պիտի չսատարէ անոր:

«Միասնական թեկնածուի գաղափարին դրական կը վերաբերինք, բայց միասնական թեկնածու չենք տեսներ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը: Մենք կը բացառենք գործող եւ արդէն ոչ գործող նախագահներու թեկնածուներուն սատարումը: Անոնք ունեցած են իրենց ներդրումը, բայց աւելի շատ խոչընդոտած են Հայաստանի զարգացումին», ըսաւ Զարուհի Փոստանջեան:

 

 

Leave a Reply

Advertisement