Tuesday May 21, 2013

Երեսփոխան Հարպ Այցելեց Նախագահ Սլէյմանի, Որ Խստիւ Դատապարտեց Անոր Դէմ Գործուած Մահափորձը

By adminx - Sat Jul 07, 7:39 am

Նախագահ Սլէյման եւ երեսփոխան Հարպ

Երեսփոխան Պութրոս Հարպի դէմ գործուած մահափորձին առումով դատապարտումի ալիքն ու գետնի վրայ կատարուող հետաքննութիւնը երէկ մնացին լուսարձակի տակ:

Այս շրջագիծին մէջ, Հարպ երէկ այցելեց նախագահական պալատ, ուր ընդունուեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կողմէ:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման խստիւ դատապարտեց երեսփոխան Պութրոս Հարպը թիրախ դարձնելու արարքը, որ ամբողջ երկրին ապահովական կայունութիւնը կը խախտէ եւ Լիբանանի կացութեան յաւելեալ լարուածութիւն կ՛ընծայէ:

Նախագահ Սլէյման շնորհաւորեց Հարպը` անոր մաղթելով առողջութիւն եւ հաստատելով, որ ապահովական ուժերն ու դատական իշխանութիւնները խիստ հրահանգներ ստացած են` բացայայտելու այդ արարքին դրդապատճառները եւ յանցագործները փոխանցելու դատական իշխանութիւններուն:

Իր կարգին, Հարպ նախագահ Սլէյմանին ներկայացուց իր մօտ գտնուող տեղեկութիւնները` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է այդ հարցը հետապնդել առ ի յանձնառութիւն երկրին անվտանգութեան:

«Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ, երեսփոխան Հարպ շեշտեց հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն վերաբերող տեղեկութիւնները ապահովական կառոյցին յանձնելու կարեւորութիւնը: Ան կոչ ուղղեց հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուիին այդ տեղեկութիւնները անյապաղ յանձնելու, որպէսզի կարելի ըլլայ անոնց հիման վրայ հետաքննութիւնը շարունակել:

Աւելի ուշ, Հարպ Սահնաուիէն ստացաւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն շրջագիծին մէջ նշուեցաւ, որ ամբողջ Լիբանանի եւ ոչ միայն Պատարոյի հեռաձայնային հաղորդակցութեանց տեղեկութիւնները պիտի տրամադրուին ապահովական կառոյցներուն` աւելցնելով, որ նախարարութեան մէջ գործող սխալ պաշտօնեայէ մը պահանջուած են այդ տեղեկութիւնները, եւ այդ պատճառով թիւրիմացութիւն ստեղծուած է:

Միւս կողմէ, Հարպ Հազմիէի իր բնակարանին մէջ ընդունեց ընդհանուր դատախազ Սայիտ Միրզան եւ զինուորական ատեանին մէջ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըրը, որոնց հետ քննարկեց իր դէմ գործուած մահափորձին մասին բացուած հետաքննութեան նախնական արդիւնքները:

Միրզա եւ Սաքըր մեկնեցան մերժելով յայտարարութիւն կատարել:

Հարպ երէկ եւս ստացաւ իր դէմ գործուած մահափորձը դատապարտող բազմաթիւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Փաթրիք Ֆենթրիլ խստիւ դատապարտեց Հարպի դէմ գործուած մահափորձը` կոչ ուղղելով կառավարութեան լուրջ հետաքննութիւն բանալու այս հարցին շուրջ:

Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ ահաբեկչութիւնները թիրախ կը դարձնեն Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն մաս կազմող անձնաւորութիւնները` Մայրիներու յեղափոխութեան սկզբունքներուն նկատմամբ անոնց կառչածութեան պատճառով:

 

Leave a Reply

Advertisement