Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Մըքքէյնը
By adminx - Sat Jul 07, 7:35 am
- 0 Comments
- 17 views
- Tweet
Email
Print
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ամերիկացի ծերակուտական Ճոն Մըքքէյնը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-ամերիկեան յարաբերութիւնները եւ լիբանանեան բանակին տրամադրուած ամերիկեան օժանդակութիւնները` հզօրացնելու համար բանակը, որպէսզի ան պաշտպանէ Լիբանանի սահմանները եւ պահպանէ ներքին լիբանանեան ապահովական կայունութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ շրջանային զարգացումները, որոնց լոյսին տակ Մըքքէյն ընդգծեց Սուրիոյ տագնապէն չազդուելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի անվտանգութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ Աւստրալիոյ խորհրդարանի նախագահ Փիթըր Սլիփըր, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք բարելաւելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ Աւստրալիոյ մէջ լիբանանեան գաղութին դերակատարութիւնը:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի. քննարկուեցան ապահովական կառոյցին աշխատանքներն ու կատարած հետաքննութիւնները` բացայայտելու համար յանցագործներն ու զանոնք փոխանցելու դատական իշխանութեանց պատկան մարմիններուն:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող իրադարձութիւնները:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի, որ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու շրջանային զարգացումները:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուիէն, որմէ իմացաւ երկրին մէջ համացանցի ծառայութիւնը շուտով վերականգնելու ջանքերուն մասին տեղեկութիւններ:
- 0 Comments
- 17 views
- Tweet
Email
Print




