Monday May 20, 2013

Նախարար Սապունճեան Կը Ստորագրէ «Լիրա» Ծրագիրին Եւ Սեն Ժոզեֆ Համալսարանին Միջեւ Համաձայնագիր Մը

By adminx - Sat Jul 07, 7:33 am

Սապունճեան հայր Շամիւսիի հետ կը փոխանակէ ստորագրուած փաստաթուղթերը

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ ներկայութեամբ Գիտական հետազօտութիւններու ազգային խորհուրդի նախագահ Մույին Համզէի, Ճարտարարուեստի սեփականատէրերու միութեան նախագահ Նաամաթ Աֆրամի եւ Սեն Ժոզեֆ համալսարանի նախագահ հայր Ռընէ Շամիւսիի, ստորագրեց պատշիրային համաձայնագիր մը, որ առիթ կու տայ համալսարանին եւ Գիտական հետազօտութիւններու ազգային խորհուրդին միջեւ գործակցութեան:

Նախարար Սապունճեան կոչ ուղղեց կարելի եղածին չափ օգտուելու համաձայնագիրէն եւ փոխադարձ գործակցութիւն կատարելու:

Վ. Սապունճեան ընդգծեց, որ այս առիթն ու համաձայնագիրը օրինակելի առիթներ են բարգաւաճեցնելու համար ճարտարարուեստի մարզը, ինչպէս նաեւ առիթ կու տան համալսարանականներուն` իրենց ստեղծագործութիւնները կիրարկելու:

Leave a Reply

Advertisement