Friday May 24, 2013

Միքաթի Կառավարութիւնը Հրաւիրեց Նիստի Մը

By adminx - Sat Jul 07, 7:32 am

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ կառավարութիւնը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի յառաջիկայ երկուշաբթի օր` նախագահական պալատին մէջ:

Նշենք, որ վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ իր հանդիպումը դրական եղած է` աւելցնելով, որ հիմնականին մէջ քննարկուած են լիբանանեան-գերմանական փոխադարձ գործակցութեան աշխուժացումն ու հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող գերմանական ջոկատին աշխատանքներուն գնահատումը` Լիբանան-Իսրայէլ սահմանային խաղաղութեան հսկելու առումով:

Միքաթի նշեց, որ Մերքել դրուատած է Լիբանանի կառավարութեան որդեգրած չէզոք կեցուածքը` Սուրիոյ տագնապին հետեւանքներէն հեռու պահելու համար Լիբանանը: Ան աւելցուց, որ Մերքել հաստատած է, որ Պերլին անհրաժեշտ կը նկատէ Լիբանանի կայունութեան պահպանումը:

Ներքին լիբանանեան առումով վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ կառավարութիւնը պիտի շարունակէ իր աշխատանքները եւ պիտի բարելաւէ զանոնք, հակառակ անոր դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ խոչընդոտներուն:

Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի Աքքարի մէջ տիրող կացութիւնը հանդարտեցնելու իմաստով իր հաղորդակցութիւններն ու խորհրդակցութիւնները շարունակեց եւ այդ իմաստով հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուիի հետ:

Leave a Reply

Advertisement