Thursday Jun 20, 2013

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

By adminx - Sat Jul 07, 7:28 am

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց երկրագործութեան նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասանը եւ Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի անդամ Ղալեպ Ապու Զէյնապը` ներկայութեամբ Սամիր Մազլում եպիսկոպոսին: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող հարցերը, յատկապէս երկրագործութեան մարզին վերաբերող մանրամասնութիւններ: Յետմիջօրէին Ռայի պատրիարքը փոխադրուեցաւ Տիմանի պատրիարքական ամարանոց:

ՍԷՅԻՏ Ալի Ֆատլալլա ուրբաթ օրուան նամազէն ետք կոչ ուղղեց յաւելեալ պատասխանատուութիւն ցուցաբերելու` Դիմադրութեան զէնքին նկատմամբ վարուելակերպին առումով:

ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ընկերութեան սարակները ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Քամալ Հայեքին յայտնեցին նոյն հաստատութեան մէջ աշխատելու իրենց պատրաստակամութիւնը, մինչեւ իրենց պաշտօններուն վրայ հաստատման որոշումը: Աւելի ուշ այդ լուրը հերքուեցաւ:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ընկերային ապահովութիւնը նոյնքան կարեւոր է, որքան ելեւմտական եւ տնտեսական ապահովութիւնը:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Էշրեֆիէի առեւտրականներու յանձնախումբին կեդրոնը բովանդակող շէնքին տանիքը գտնուող ջուրի տակառներէն մէկուն մէջ գտնուած են երկու հրասանդներ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Աւստրիոյ դեսպան Ուրսուլա Ֆարինկըրը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, զօր. Աուն այսօր պիտի ընդունի Հըզպալլայի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ պիտի քննարկէ ներկայ տագնապին լուծումը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս յայտնեց, որ Ամալ շարժումի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ յարաբերութիւնները լաւ են` աւելցնելով, որ երկու պլոքներուն միջեւ հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ մօտիկ ապագային:

ՍԱՅՏԱՅԻ Պիլալ պըն Ռապպահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիր յայտնեց, որ մինչեւ յառաջիկայ 25 յուլիս` Ազգային երկխօսութեան նիստի գումարումի թուականը, հարցերը աւելի պիտի բարդանան` աւելցնելով, որ ինք տակաւին չէ որոշած նստացոյցին ընդարձակումը: Միւս կողմէ, Ասիրի նստացոյցին դէմ նստացոյց մը պիտի կատարուի Սալահէտտին մզկիթի իմամին հրաւէրով:

ԱՅՆ Թինէի մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ հաղորդակցութիւնները խզուած են:

«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, Մարատա հոսանքի նախագահ, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ նախկին նախարար Եուսեֆ Սաատէն Քուրա գործուղեց` զօրակցելու համար Ղովմի կուսակցութեան առաջադրած թեկնածու Ուալիտ Ազարի:

ԸՍՏ «Սաֆիր»-ի, Հըզպալլա Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ ծագած հարցը պիտի լուծէ ընդվզումին հանդարտելէն ետք:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակի սպաներէն Հերցի Հալիվի շեշտեց, որ հակառակ հիւսիսային Իսրայէլի մէջ տիրող խաղաղութեան, Իսրայէլ եւ Հըզպալլա կը պատրաստուին նոր պատերազմի, որ շատ աւելի վտանգաւոր պիտի ըլլայ եւ պիտի քանդէ ամբողջ Լիբանանը:

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement