Monday May 20, 2013

«Ռուսիա Եւ Չինաստան Սուրիոյ Շուրջ Յառաջդիմութիւնը Արգելակելնուն Գինը Պիտի Վճարեն» Կ՛ըսէ Քլինթըն

By adminx - Sat Jul 07, 7:24 am

«Սուրիոյ բարեկամներ»-ու ժողովէն պահ մը

Փարիզի մէջ երէկ գումարուած «Սուրիոյ ժողովուրդի բարեկամներ»-ու ժողովը Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ուղղեց Սուրիոյ նկատմամբ աւելի խիստ քայլերու դիմելու, ինչպէս նաեւ հաստատեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ պէտք է հեռանայ, իսկ Ապահովութեան խորհուրդը ՄԱԿ-ի ուխտի 7-րդ յօդուածին հիմամբ միջոցառումներ որդեգրէ եւ պատժամիջոցները խստացնէ ու կեանքի կոչէ:

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ երէկ Փարիզի մէջ «Սուրիացի ժողովուրդի բարեկամներ»-ու ժողովին բացման ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ «մեր այստեղ ներկայութիւնը Սուրիոյ մէջ գտնուող եւ ազատութեան ձգտողներուն հիմնական զօրակցութիւն է»` զգուշացնելով, որ «Սուրիոյ մէջ կացութիւնը վատ է եւ կրնայ քաղաքացիական պատերազմի առաջնորդել»: Ան աւելցուց, որ Սուրիոյ դրացի երկիրները «իրենց մտավախութիւնները արդարացնող պատճառներ ունին»:

Ֆրանսայի նախագահը նշեց, որ Փարիզի ժողովը պէտք է ճշդէ նպատակ մը` Ապահովութեան խորհուրդը քաջալերել Անանի ծրագիրին հիմամբ Սուրիոյ տագնապի լուծման զօրակցող որոշում մը որդեգրելու, «որովհետեւ այդ (Անանի) ծրագիրը բռնարարքները դադրեցնելու լաւագոյն ձեւն է»:

Հոլլանտ զգուշացուց, որ սուրիական տագնապը սկսած է միջազգային ապահովութեան եւ կայունութեան վտանգ ներկայացնել: «Պէտք է փոխանցման կառավարութիւն մը կազմել, իսկ Ասատ պէտք է հեռանայ իշխանութենէն», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «սուրիական վարչակարգին կեանքը երկար պիտի չըլլայ, իսկ անոր տապալումը անխուսափելի է: Ժողովրդավարութիւնը յարմար ժամանակին պիտի տիրէ եւ ատիկա որքան շուտ ըլլայ` այդքան լաւ»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն իր կարգին յայտնեց, որ «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու խմբակը ճնշումի լաւ միջոց է, իսկ «սուրիական ընդդիմութիւնը յայտնեց, որ արտաքին միջամտութիւն մը չ՛ուզեր, եւ մենք այդ մէկը յարգեցինք»:

Ան ըսաւ, որ «այն, ինչ որ Ժընեւի մէջ իրագործուեցաւ` առաջին անգամ ըլլալով Ռուսիան եւ Չինաստանը շրջանային ղեկավարներու հետ ի մի խմբելն էր»` նշելով, որ «Սուրիոյ ընդդիմութիւնը ամբողջական իշխանութիւն ունեցող կառավարման մարմինի հաստատման համար իշխանութեան հետ հաւասար դասուեցաւ»:

Քլինթըն նշեց, որ իրենք Սուրիոյ իրադարձութիւններէն գոհ չեն, որովհետեւ անոնք միջազգային արժեչափերուն դէմ են, եւ այդտեղ կառավարութիւնը իր ժողովուրդը կը սպաննէ:

Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտութեան պետը ընդգծեց, որ պէտք է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդ վերադառնանք եւ պահանջենք գործադրել Անանի ծրագիրը, ներառեալ` Ժընեւի հաղորդագրութիւնը, որուն համաձայն են Ռուսիան եւ Չինաստանը: «Պէտք է Ապահովութեան խորհուրդէն պահանջենք որոշում մը, որ 7-րդ յօդուածին ներքեւ Անանի ծրագիրը չգործադրելու իսկական հետեւանքներ կը պարտադրէ», նշեց ան` աւելցնելով, որ «Ռուսիոյ եւ Չինաստանի կեցուածքները փոխելու միակ միջոցը զանոնք հասկցնելն է, թէ անոնք գինը պիտի վճարեն, որովհետեւ յառաջդիմութիւնը կ՛արգելակեն, ինչ որ կարելի չէ անգամ մը եւս ընդունիլ»:

Քլինթըն նկատել տուաւ, որ եթէ Սուրիա դէպի քաղաքացիական պատերազմ ուղղուի, ապա անոր հետեւանքները պիտի շրջանցեն Սուրիոյ սահմանները, որովհետեւ սուրիական վարչակարգը «սպանութեան մեծ մեքենայ մը ունի, որ բանելէ չի դադրիր»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնեց, որ «անհրաժեշտ է սուրիական վարչակարգը եւ անոր աջակցողները մեկուսացնել»: Ան ըսաւ, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ պէտք չէ շարունակէ իշխել, եւ Ժընեւի հաղորդագրութեան բնագիրը կը նշէ փոխանցման հոլովոյթ մը, որ ներկայ ոչ օրինական կառավարութեան փոփոխութիւն մը կը պահանջէ:

Ան անհրաժեշտ նկատեց սուրիական վարչակարգին եւ անոր աջակցողներուն վրայ ճնշումը, ինչպէս նաեւ վարչակարգին մեկուսացումը աւելցնել` նկատել տալով միաժամանակ, որ պէտք է յետասատեան հանգրուանին պատրաստուիլ:

Բրիտանիոյ վարչապետ Ուիլիըմ Հէյկ զգուշացուց, որ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը վտանգաւոր է եւ արագ կերպով կը վատթարանայ: «Ապագային որեւէ ընտրանք պէտք չէ բացառենք», ըսաւ ան:

Բրիտանիոյ դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ «մենք ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի 7-րդ յօդուածին հիմամբ որոշումի մը պիտի զօրակցինք, եւ կը յուսաք, որ Ռուսիան ու Չինաստանը այստեղ հաւաքուած երկիրներուն ձայնը լսեն»:

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Կուիտօ Վեսթերֆելէ յայտնեց, որ իր երկիրը ամբողջական կերպով կը զօրակցի Սուրիոյ մէջ Անանի ծրագիրով ճշդուած քաղաքական լուծումի մը: «Պէտք է սուրիացի ժողովուրդին կամքը յարգել եւ սուրիացի ժողովուրդին ղեկավարութեամբ փոխանցման իսկական հոլովոյթի մը հասնիլ», ըսաւ ան:

Գերմանիոյ դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ «մենք չենք կրնար պատկերացնել լուծում մը, որուն մէջ վարչակարգը անփոփոխ կը մնայ, որովհետեւ վարչակարգը իր յանձնառութիւնները չյարգեց»:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի յայտարարեց, որ պահանջուածը ժողովէն որոշում մըն է, որուն հիմամբ մասնակիցները յանձնառու կը դառնան մասնակցելու քայլերու, որոնք Անանի ծրագիրին գործադրութիւնը կ՛երաշխաւորեն: Ան Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ուղղեց 7-րդ յօդուածին հիմամբ Անանի ծրագիրի գործադրութեան որոշում մը որդեգրելու:

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ապտել Ազիզ Ապտալլա յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը վարչակարգին մօտալուտ տապալումը կը յուշէ: Ան իր կարգին Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ուղղեց` 7-րդ յօդուածին հիմամբ որոշում մը որդեգրելու:

Մարոքի արտաքին գործոց նախարար Սայիտետտին Օսանի «Սուրիացի ժողովուրդի բարեկամներ»-ու ժողովը հրաւիրեց իր աշխատանքը շարունակելու Մարոքի մայրաքաղաք Ռապաթի մէջ:

Միւս կողմէ, ռուսական «ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Կիպրոսի նախագահ Տիմիթրիս Խրիսթոֆիաս հերքած է այն լուրերը, ըստ որոնց, Ռուսիա կղզին կ՛օգտագործէ Սուրիոյ կառավարութեան զէնք մատակարարելու համար:

Պատասխանելով Կիպրոսի` Եւրոպական Միութեան նախագահութիւնը պաշտօնապէս ստանձնելու արարողութիւնը լուսաբանելու նպատակով Պրիւքսելէն խումբ մը լրագրողներու հարցումներուն` Խրիսթոֆիաս յայտնեց, որ «Սուրիոյ զէնքի մատակարարման գործին մէջ Կիպրոսի դերին մասին շարք մը լուրեր շրջանառութեան մէջ դրուած են: Այն հարցին մէջ, որ Ռուսիան Կիպրոսի միջոցով զէնք  կը մատակարարէ որեւէ ուղղութեամբ, մէկ կրամ ճշմարտութիւն անգամ չկայ»:

Leave a Reply

Advertisement