Sunday May 19, 2013

Տեսակէտ. Ֆրանսական Վարչակազմին Սխալ Քայլը

By adminx - Sat Jul 07, 7:18 am

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս իր թուրք պաշօնակից Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ դժուար թէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքին «յարութիւն տրուի»: Այդպիսով, Ֆրանսայի դիւանագիտութեան պետը նշեալ օրինագիծին դժուար յարուցելի մահը չյայտարարեց միայն: Ան չանդրադարձաւ, որ իր կատարածը ոչ այլ ինչ է, քան` օտար պաշտօնատարի մը կողքին կանգնելով եւ արար աշխարհին դիմաց իր երկրին նախագահին` Ֆրանսուա Հոլլանտի վարկին ու հաւաստիութեան մահը յայտարարել, որովհետեւ վերջինս իր նախընտրական արշաւին ընթացքին խոստացած էր իր զօրակցութիւնը վայելող օրինագիծին վերստին ներկայացման ոչ միայն նախաձեռնել, այլ նաեւ անձամբ հետեւիլ անոր որդեգրման: Սակայն գործուած սխալին տարողութիւնը միայն այսքան չէ:

Ֆրանսայի նոր վարչակազմը, իր դաշնակից եւ «անհրաժեշտ դերակատար» Թուրքիոյ հետ առեւտուրի 15 միլիառ տոլար ծաւալին հեռանկարով գինովցած, նոր էջ մը բացաւ թուրք-ֆրանսական յարաբերութեանց մէջ` փակելով Ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին շուրջ յառաջացած լարուածութեան էջը: Ֆրանսական նոր վարչակազմը թրքական պատժամիջոցներուն առջեւ ընկրկելով` հրաժարեցաւ այն հանրապետական արժէքներէն, որոնց պաշտպանութեան համար նախագահը տակաւին երէկ երդուած էր:

Ատիկա Ֆրանսայի պետական շահերէն կը բխի՞: Անշուշտ թէ ոչ, որովհետեւ Ֆրանսայի վարչակազմը Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքին դժուար յարուցելի մահը յայտարարելով նաեւ յայտարարեց մահը 5 հանրապետութիւններ շարունակ Ֆրանսայի նշանաբանը եղած «Ազատութիւն, հաւասարութիւն եւ եղբայրութիւն» կարգախօսին: Այդպիսով, Հոլլանտը նետելով երդմնազանցներու դասին մէջ: Արդարեւ, Ցեղասպանութիւններու ժխտման քրէականացման օրէնքը, հրէական Ողջակիզումի հերքումը քրէականացնող Կեսոյի օրինագիծին գոյութեան լոյսին տակ, ֆրանսական օրէնսդրութիւնը վերոնշեալ նշանաբանին համահունչ կերպով ամբողջացնելու փորձ մըն էր, սակայն այս վարչակազմը ահա Ֆրանսայի քաղաքացիները կը բաժնէ երկուքի` օրէնքով պաշտպանուած ըլլալու արժանի եւ ոչ արժանի դասերու: Կորսուած է հաւասարութեան սկզբունքը եւ այդ իրողութեան իբրեւ անմիջական արդիւնք նաեւ եղբայրութեան սկզբունքը: Հանրապետական եռաթեւ նշանաբանէն միայն «Ազատութիւն»-ը մնացած է, այդ ալ աղաւաղուած ձեւով, որովհետեւ «Հաւասարութիւն եւ եղբայրութիւն» եզրերու բացակայութեան անիկա պարզապէս սանձարձակութիւն է եւ ոչ ազատութիւն:

Թերեւս կը գտնուինք ֆրանսական 6-րդ հանրապետութեան մը շեմին, ուր «Ազատութիւն, հաւասարութիւն եւ եղբայրութիւն» կարգախօսը դարակը նետուած է եւ Ֆրանսան ալ կորսնցուցած` իր դաւանած արժեչափերէն բխող փայլքը:


Leave a Reply

Advertisement