Փուշերը Յուշերով Ճզմած Մարդը
By adminx - Sat Jul 07, 5:46 am
- 0 Comments
- 104 views
- Tweet
Email
Print
ԹՈՐԳՈՄ
«Այս մարդուն յուշերն ու փուշերը պէ՛տք է գրուին», եկեղեցւոյ մէջ յուղարկաւորութեան արարողութիւնը հազիւ աւարտած, ուսերս բռնելով ըսաւ Մելքոն Յակոբեան, իրեն յատուկ կենսունակութեամբ մը:
Զգացական այդ պահուն համաձայն գտնուեցայ ըսածին: Սակայն, երբ օրեր անցան եւ զգացականութիւնը տակաւ զիջեցաւ բանականութեան, մտածեցի, որ «այս մարդուն» փուշերը չէին կրցած խոցել զայն, որովհետեւ աւելի քան 70-ամեայ ազգային անանձնական գործունէութիւնն ու ատոր անխուսափելի արդիւնք յուշերը ամուր զրահներ եղած էին զինք փուշերուն դիմաց լաւագոյնս պաշտպանելու:
Յետոյ, նաեւ յաճախ կը յիշէի Յակոբ Պարոնեանի մէկ միտքը. «Մահախօսականները այնքան գովասանքներ կ՛ընեն, որ կը մտածես, որ եթէ մեր մէջ այսքան առաքինի մարդիկ կան, ինչո՞ւ ազգին գործերը ետ մնացած են»:
Ուրեմն «այս մարդուն» մասին գրելու փորձութենէն զերծ մնացի… տարի մը: Սակայն «փուշերն ու յուշերը» ի վերջոյ մատնեցին փորձութեան:
«Այս մարդը» հազիւ 18 տարեկան էր, երբ անդամ նշանակուեցաւ ՀՅԴ-ի կազմած ենթակոմիտէին, որուն առաքելութիւնն էր իսրայէլեան վտանգին դիմաց, հայերուն ապահով տարհանումը Հայֆայէն: Իսկ կեանքի վերջին 25 տարիներուն գլխաւորեց Պ. Համուտի մէջ բնակելի շէնքեր կառուցող Ազգային խորհուրդի Բարեկամներու ակումբը եւ ապա` Լիբանանի թեմի Ազգային առաջնորդարանի բնակարանային յանձնախումբը, որուն գործունէութեան ընթացքին իր սեփական գործերուն անիւը սկսած էր հակառակ դառնալ եւ կորուստները ցնցող եւ փշոտ էին: Սակայն ինք յանձնախումբին նուաճումներով հոգեկան բաւարարութիւն կ՛ունենար, երբ կը կրկնէր.
«214 հայ մարդ տունի տէր դարձուցինք… 215 հայ մարդ տունի տէր դարձուցինք… 216 հայ մարդ…»:
Կեանքի ի՜նչ դառն հեգնանք:
Պատանեկութեան եւ կեանքի վերջին հանգրուանի այս գործունէութեան միջեւ երկարող տասնամեակներուն (Պաղեստին, Քեսապ, Դամասկոս, Պ. Համուտի «Սարդարապատ» եւ «Ազիրեան» ակումբներ, Այնճար, Զահլէ) յուշերը երբ կը պատմէր, պարզ դրուագներով կ՛ուրուագծուէին երախտաւորներ եւ հաւատաւորներ. Դրօ, Գ. Մխիթարեան, Յ. Օշական, Ս. Վրացեան, Խ. Թիւթիւնճեան, տոքթ. Ատուր Գապագեան («Գապագեանը»), Հրաչ Տասնապետեան, Ս. Զէյթլեան, տոքթ. Բ. Փափազեան («Տոքթորը»), Շաւարշ Թորիկեան, Վ. Օշական, Յ. Կիւլոյեան, Արամ Հայկազ, Լեւոն Պէրպէրեան («Լեւոնիկը»), Ցաւակ Բարսեղեան, Թաթուլ Այնեճեան, Կարպիս Հարպոյեան, Գրիգոր եւ Արաքսի Շահինեաններ, Գարեգին եւ Արամ կաթողիկոսներ, Տիգրան Ճինպաշեան, Վարուժան Ճինպաշեան, Եղիշ, Գ. Գանտահարեան, Յ. Քէլէշեան, Վարդգէս Աղասարգիսեան, Մելքոն Յակոբեան, Մասիս Ալեքսանդրեան:
Այս գաղափարակից, բայց տարաբնոյթ անձնաւորութեանց հետ պայմանական հանդիպումներով կամ աշխատանքային տեսակցութիւններով, գործունէութեամբ հարստացած յուշերը երբ կը պատմէր, ինք միշտ երրորդական դերով հանդէս կու գար (յուշապատումի մէջ հազուադէպ երեւոյթ): Անոնց մէկ խօսքը կարգ մը պարագաներու իր կեանքին մէջ վճռորոշ եղած էր: Օրինակ, ինք եւ այլ մարտական մը Դրոյին ընկերակցած էին Դամասկոս դասախօսութեան մը մեկնումի ատեն, Դրօ պատմած էր, թէ ինչպէ՛ս չեն գործադրած հայութեան դաւաճան կարծուած անձ մը սպաննելու որոշումը, որովհետեւ տեսած են, որ «մարդը հակադաշնակցական է, բայց հակահա՛յ չէ»: Այս խօսքը իր յարաբերութիւններուն մէջ փարոս մնացած էր:
Այլ առիթով մը, երբ իրեն եւ Մանուշակ Պոյաճեանին յանձնարարուած էր Լիբանան այցելող Արամ Հայկազը տանիլ Շթորա, Զահլէ, Այնճար, եւ ի տես Այնճարի կեանքին` Արամ Հայկազ ըսած էր. «Փոքր Հայաստան», այդ խօսքին տպաւորութեան տակ, երբ տարիներ ետք նիւթապէս ի վիճակի եղաւ տուն մը կառուցելու, Այնճարէն բացի այլ վայրի մասին չմտածեց:
Ուրեմն այս անձնաւորութեանց ազգային ոգին, կազմակերպութեան մը մէջ ունեցած գործունէութիւնը զինք կը խանդավառէին: Իր նախասիրութիւններուն գոհացումը անգամ ազգային-միութենական գործունէութիւններու ծիրին մէջ կը տեսնէր:
Պաղեստինի եւ Դամասկոսի մէջ ՀՄԸՄ-ի սկաուտական եւ ֆութպոլի խումբերուն մաս կազմելով, խմբապետ ըլլալով, իր մարզական նախասիրութեան գոհացում տալէ աւելի, միութենական անհրաժեշտ գործունէութեան լծուած ըլլալու զգացումը ունէր: Պ. Համուտի Համազգայինի թատերախումբին անդամակցիլը եւ ժողովրդականութիւն վայելած ներկայացումներու մէջ (իր ապագայ կնոջը հետ) գլխաւոր դերեր ստանձնելը, թատերական իր հետաքրքրութիւններուն, նախասիրութիւններուն գոհացում տալէ աւելի, Պ. Համուտի մէջ Համազգայինի գործունէութեան մասնակցելու պարտականութիւնը կատարելն էր:
Կը հիանար Վարուժան Խտըշեանի տաղանդին եւ «Թատրոն 67»-ի ներկայացումներուն վրայ, բայց Ժորժ Սարգիսեանը աւելի սրտին կը խօսէր, որովհետեւ միութեան մը` Համազգայինի թատերախումբին բեմադրիչն էր: Կարելի է տարակարծիք ըլլալ այս տեսակէտին: Բայց ասիկա իրեն համար տեսակէտ չէր, ապրում էր, կենսաձեւ: Մեծ հետաքրքրութեամբ կը դիտէր ֆութպոլի միջազգային մրցումներ, սակայն ամէն անգամ պատկերասփիւռին դիմաց կը յիշէր ՀՄԸՄ-ի աստղերը` Եղիշ, «Պոմպ Աթոմիք» (Վարդիվառ), Աբօ, Լեւոն, Ճոքի, որոնք իրեն համար ոչինչով ետ կը մնային միջազգային աստղերէն: Նոյնիսկ բանով մըն ալ աւելի էին. վարձկաններ չէին եւ մաս կը կազմէին միութեա՛ն մը խումբին, այլ ոչ թէ անձնական ակումբի մը: Եւ միջազգային մրցումը դիտելու փոխարէն` կը սկսէր խօսիլ ազգային նիւթերու մասին, ինչպէս բոլոր առիթներու կ՛ընէր եւ ուղղակի անհանգիստ կ՛ըլլար, երբ հաւաքուած մարդիկ ազգային հարցերէ բացի ընտանեկան նիւթեր կ՛արծարծէին:
Ազգային-միութենական-կուսակցական գործունէութեամբ եւ ատով հարստացած յուշերով ճզմեց իր փուշերը: Ամէնէն դաժան պայմանները` դրամի, ինչքի, կալուածներու կորուստները չյաջողեցան խոցել իր հոգին, նկարագիրը, մանաւանդ հաւատքը` հանդէպ իր ղեկավարներուն, գործակիցներուն, շարքային ամէնէն կրտսեր ընկերներուն:
Մարդու, հայու այս տեսակը անհետացումի վտանգը կը դիմագրաւէ: Համակարգիչի, համացանցի եւ տակաւին գալիք ի՜նչ, ի՜նչ ցանցերու դարաշրջանին, քանի՞ երիտասարդ, պահ մը հեռանալով դիմատետր` ֆէյսպուք կոչուած փորձութենէն, պիտի առնէ թերթը եւ «այս մարդուն» նման առաջին գիրէն մինչեւ վերջին էջի վերջակէտին շուքը կարդալով` հայրենիքէն հեռու արմատ նետէ մեր ազգային կեանքին մէջ:
Թերեւս քիչեր գիտցան, թէ ինչէն մեռաւ, մինչ շատեր չէին ալ գիտեր, որ վերջին տարիներուն ինչպէս ապրեցաւ:
Միամտութիւն թող չթուի, եթէ ըսեմ, որ «այս մարդը», երբ մեզմէ բաժնուելով դրախտ մեկնած է (ուրիշ ո՛ւր կրնար երթալ արդէն), Աստուած, որպէսզի վարձահատոյց ըլլայ իրեն, հարցուցած է.
«Պէրպէրեա՛ն, եթէ քեզի երկրորդ կեանք մը շնորհեմ, ո՛վ կ՛ուզես ըլլալ»:
Ընկեր Յովհաննէս անվարան պատասխանած է.
«Քրիստափորը, Ռոստոմը եւ Զաւարեանը միասնաբար»:
Պարզապէ՛ս:
- 0 Comments
- 104 views
- Tweet
Email
Print



