Wednesday May 22, 2013

Այսպէս Պատմեց…

By adminx - Sat Jul 07, 5:42 am

Պարտադրաբար հարազատներէ հեռու եւ կարճ շրջան մը առանձին մնացած պահուն, դժբախտ արկածի մը բերմամբ, երբ հայրենակից մը դիմած է ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն, շուտափոյթ գործօններու արագ կարգադրութեամբ եւ ակումբի տղոց կամաւոր օգնութեամբ փոխադրուելով հիւանդանոց, վիրաբուժական գործողութեան ենթարկուելով փրկուած է յառաջիկայի բարդութիւններէ:

Ապաքինման շրջանին դարձեալ այս նուիրեալները բոլորուելով իր շուրջ, ամէն տեսակի օժանդակութեամբ հոգացած են եւ օգնութեան ջերմագին ձեռք երկարած:

Օրհնեա՜լ ըլլայ այն ժողովուրդը, որ նման կազմակերպութիւններ ծնած եւ նուիրեալներ պատրաստած է:

Ինչպէ՞ս չյիշել այն հին, բայց նոյնքան նոր խօսքը. «Մենք ուրիշ տեսակ ազգ ենք»:

ԹՐԻՓՈԼԻՑԻ

Leave a Reply

Advertisement