Սլաք. Զգաստացէ՛ք, Մա՛րդ Աստուծոյ
By adminx - Sat Jul 07, 5:40 am
- 0 Comments
- 40 views
- Tweet
Email
Print
Յ. Մ.
Այս ալ քանիերորդ անձն է, որ ծեծի տակ կը մեռնի Հայաստանի մէջ…
Փողոցային կռիւ, կամ ծեծուըռտուք չէ, այլ` կազմակերպուած, փրոֆեսիոնալ ծեծ, թիկնապահներու կողմէ, որոնք թիկնապահութեան մասնագիտական «կրթութիւն» ստանալէ ետք, ոչ միայն զիրենք վարձողին թիկունքը կը պահպանեն, այսինքն պաշտպանողական ձեւերու կը դիմեն յարձակողներու դէմ, այլ իրենք կը յարձակին, կը ծեծեն, կը խոշտանգեն ու կը սպաննեն զոհը, սովորական, շարքային քաղաքացի ըլլայ, թէ մարդոց կեանքերը փրկելու կոչուած բժիշկ, միեւնոյնն է` մա՛հ իրենց «պոս»-ին դպչիլ համարձակողին:
Ո՛չ բժիշկ Վահէ Աւետեանը կը ճանչնանք, ո՛չ ալ դէպքին տուն տուող պատճառները մեզի ծանօթ են. կարեւորն այն էր, որ հաշիւ մաքրելու ամենանախնական, ամենատգեղ, ամենաանկիրթ ու ամենաանմարդկային ձեւին կը դիմեն Երեւանի մեր «հերոս» պատիկարտները:
Հայաստանի մէջ ընդհանրացած երեւոյթ է, «որոշ» անձեր թիկնապահներով կը շրջին: Ինչո՞ւ, չեմ գիտեր: Ինչո՞ւ այդքան անապահով կը զգան. ի՞նչ է, գող ու մարդասպաններո՞վ լեցուեր է երկիրը, թէ՞ այս ալ «մոտա» է ու սնոպիզմի ցուցադրանիշներէն մէկը:
Ասկէ տարիներ առաջ, Փարիզէն անցած ատենս, այցելութիւն մը տուի ծանօթ հայ թղթավաճառ – թերթավաճառի մը: Ոտքի վրայ մեր խօսակցութեան ընթացքին մարզական տարազով, միջին տարիքի մէկը մօտեցաւ, բարեւեց ժպիտով ու սիրալիր, առաւ իր թերթը, վճարեց, շնորհակալութիւն յայտենց ու քալելով ալ գնաց:
- Գիտե՞ս ով է,- ըսաւ բարեկամս,- ասիկա մեր մշակոյթի նախարարն է. տունէն կ՛ելլէ ամէն առաւօտ, ճոկինկ կ՛ընէ, կու գայ, թերթը կ՛առնէ ու կ՛երթայ:
Զարմանքով ու հիացումով նայեցայ մարդուն ետեւէն, ո՛չ ինքնաշարժ, ո՛չ ընկերակից, ո՛չ թիկնապահ:
Ֆրանսացի նախարարը ինչո՞ւ անապահով չի զգար իր քաղաքին մէջ:
Պետական մարդոց պարագային թերեւս հասկնալի է, սակայն հարուստ մարդիկ, մեծ ձեռնարկութեանց տէրեր, ճաշարանատէրեր, ոսկերիչներ եւ այլն, թիկնապահներով կը շրջին Երեւանի մէջ:
Հալէպի մէջ հարուստ ալ շա՜տ, ոսկերիչ ալ շատ, բայց դեռ ոեւէ մէկուն թիկնապահներով շրջիլը չեմ տեսած (նոյնիսկ այս օրերուն):
Պատկերը երբեմն ծիծաղելիութեան ալ կը հասնի: Աչքովս տեսած եմ, Երեւանի փակ շուկաներէն մէկուն մէջ գնումի եկած կարճահասակ մարդ մը, որուն քովէն չորս հսկայ թիկնապահներ կը քալէին, կարծես շքերթ էր: Հարցուցի, թէ ո՞վ է, ըսին` «Այսինչ»-ին եղբայրն է…
Եթէ եղբայրը չորս թիկնապահով կը շրջի, հապա՞ «այդինչը» քանի՞ թիկնապահով շրջելու է:
Ամօթ է, չէ՞: Անկախութենէն 20 տարի ետք ա՞յս պիտի ըլլար պատկերը, որպէսզի աշխարհի ամենաանապահով երկիրներու ցանկին մէջ «պատուաբեր» դիրք մը գրաւենք:
Զգաստացէ՛ք, մա՛րդ Աստուծոյ:
- 0 Comments
- 40 views
- Tweet
Email
Print



