Wednesday May 22, 2013

Այնթապի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցին Երէկ Եւ Այսօր

By adminx - Sat Jul 07, 5:38 am

Հայկական Կիլիկիա շրջանին մէջ գտնուող Այնթապի Թեփեբպաշը թաղամասի մէջ իբրեւ Քուրթուլուշ մզկիթ յայտնի կառոյցը իրականութեան մէջ Սուրբ Աստուածածին հայկական տաճարն է:

Գաւառի կեդրոն Այնթապը կառուցուած է 850 մ բարձրութեան վրայ գտնուող զառիթափ լեռներով շրջապատուած անհաւասար բարձրաւանդակի վրայ: 1914-ին 80 հազար բնակչութիւն ունեցող Այնթապի մէջ կ’ապրէր մօտ 36 հազար հայ:

Կը պատմեն, որ առաջին անգամ Սուրբ Աստուածածին (Մարիամ Աստուածածին) եկեղեցին այսպէս կառուցուած է: Պարսկաստանէն Պալի անունով մէկը Երուսաղէմ ուխտի երթալու ժամանակ կ’անցնի Այնթապէն, եւ երբ կը տեսնէ, որ այստեղ հայերը կրօնական արարողութիւնները քարանձաւներու մէջ կը կատարեն, կը վշտանայ, եւ հրաժարելով Երուսաղէմ ուխտի երթալէն` կ’որոշէ եկեղեցի կառուցել: Անմիջապէս կը հաւաքէ Այնթապի մէջ ապրող հայերը եւ որոշում կը կայացնէ: Այդ ընթացքին նաեւ օսմանեան սուլթանէն անհրաժեշտ թոյլտուութիւն կը ստանայ: Սակայն եկեղեցին 30 օգոստոս 1807-ին կը փլի ակնթարթի մը մէջ:

1873-1893 պալատական ճարտարապետ Սարգիս Պալեանի նախագիծով եկեղեցին կառուցած է քարտաշ Սարգիս Թաշճեան: Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին կառուցուած է 1100 քառ. մեթր մակերեսի վրայ եւ ունի 30 մ բարձրութիւն: Այնթապ-Հալէպ շրջանի քարէ ճարտարապետութիւնը յաջողութեամբ համադրելով հայկական եկեղեցւոյ ճարտարապետութեան բազմանկիւն գմբէթի համակարգին հետ եւ որոշ տարրեր փոխ առնելով 1800-ականներու եւրոպական եկեղեցիներու ճարտարապետութենէն` յառաջ եկած է շատ հետաքրքրական համադրութիւն մը:

Կառոյցին անկիւնները, պատուհաններուն քիւերը կառուցուած են տեղական սպիտակ եւ սեւ քարերէ: Ուղղանկիւն նախագիծ ունեցող խաչաձեւ եկեղեցւոյ ներսը, դէպի խորան ուղղահայեաց սիւներով բաժնուած է երեք հարթակի: Խաչին թեւերը դուրսէն եռանկիւն ճակատ (ֆրոնթոն) ձեւ ունին, իսկ ներսէն խաչուող կամարներով ծածկուած է: Գլխաւոր շինութեան միջնամասը կլոր, բաւականին բարձր գմբէթ ունի: Սրբատաշ քարէ կառուցուած պատերուն առաջին երկու շարքը` սուր կամարներ, իսկ վերի շարքն ալ կլոր պատուհաններ կան:

Կառոյցը ծածկուած է ծալքաւոր տանիքով: Խորանը ուղղանկիւն որմնախորշի ձեւով ուղղուած է դէպի դուրս: Խորանի պատին եռաշարք պատուհան տեղադրուած է: Եռանկիւն ճակատի (ֆրոնթոն) մէջտեղը եւս կլոր պատուհան կայ:

Կառոյցը գլխաւոր գիծերով կառուցուած է գոթական ոճով: Եկեղեցին ունի հինգ դուռ: Գլխաւոր մուտքը արեւմուտքինն է: Երկու դուռը կը բացուի դէպի հիւսիս, երկուքը` դէպի հարաւ: Գլխաւոր մուտքը կը նայի դէպի արեւմուտք, որպէսզի երբ հայերը եկեղեցի մտնեն, արեւը իրենց երեսին իյնայ:

Եկեղեցին ժամանակակից հայկական ճարտարապետութեան ու աշխարհի ամենագեղեցիկ օրինակներէն մէկն է:

Եկեղեցւոյ զանգը Հարաւային Ափրիկէի մէջ յատուկ պատրաստել տուած է պրազիլաբնակ հայ Հրանդ Քէօշկերեանը: Զանգը կը կշռէ մօտ 3 թոն, այժմ կը գտնուի Այնթապի թանգարանը:

Միայն հայկական եկեղեցիներուն բնորոշ քանի մը առանձնայատկութիւններ ունի.

- Գմբէթին մօտ եկեղեցական երգչախումբի համար նախատեսուած վերնայարկ ունի:

- Մուտքը արեւելեան կողմէն է:

Այնթապցի հայերը, որոնք առեւտուրի հետ միասին իրենց ձեռքին կը կեդրոնացնէին նաեւ արհեստը, 18-րդ դարու կէսերէն սկսած` քաղաքի տնտեսական կեանքին մէջ կարեւոր տեղ զբաղեցուցած են: Քաղաքը հռչակ ձեռք բերած է բրուտագործութեամբ, կաշեգործութեամբ, մանածագործուածքի արտադրութեամբ եւ ասեղնագործութեամբ: Հայ գործարարներու շնորհիւ` այս ժամանակ կատարուած են արդիւնաբերութեան մէջ առաջին քայլերը: Հայերը մեծ մասամբ կը զբաղէին նաեւ խաղողագործութեամբ, ծխախոտագործութեամբ, բրդագործութեամբ, ձիթապտուղի իւղի եւ մեղրի արտադրութեամբ, խեցեգործութեամբ, ատաղձագործութեամբ, դարբնութեամբ եւ ոսկերչութեամբ:

1919-ի սկիզբը անգլիական ուժերու Այնթապ մուտք գործելը պատճառ դարձաւ, որ 1915-ին Հայկական Բարձրաւանդակէն բռնի գաղթէն ողջ մնացածները վերադառնան: Տարեվերջին վերադարձածներուն թիւը կը կազմէր 45 հազար բնակչութիւն ունեցող քաղաքի մօտ մէկ երրորդը (18 հազար):

Հայերու բռնի գաղթը քաղաքին մէջ մեծ աւերածութիւններու պատճառ դարձած էր, շրջակայքը ապրող հազարաւոր իսլամներ գաղթած էին արեւմուտք: Կրկին ապահովելով իրենց անվտանգութիւնը` վերադարձած հայերը վերակառուցեցին աւերակներու վերածուած քաղաքը:

1919-ի հոկտեմբերին անգլիացիները լքեցին քաղաքը` իրենց տեղը զիջելով ֆրանսական փոքրիկ զօրամասի, որուն կ՛աջակցէր հայկական զօրամասը, սակայն այս նոր պաշտպանութեան կարգը վտանգեց շրջանին հաւասարակշռութիւնը: 1920-1921 այնթապցի հայերը, շուրջ 314 օր պայքարելով կառավարական ուժերուն դէմ, կրցան ճեղքել շրջափակումը: Երբ Ֆրանսան, Անգարայի հետ համաձայնութեան գալով, ետ կանչեց իր զօրքերը, մարեց հայերու շրջանին մէջ ապրիլ շարունակելու յոյսը, որոնք 1922-էն սկսեալ, կոտորածներու չենթարկուելու համար, ստիպուած, մէկընդմիշտ լքեցին իրենց երկիրը:

Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին երկար ժամանակ չէ գործած, քանի որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հռչակումէն ետք իրենց երկրէն տեղահանուած եւ կոտորուած հայերը այլեւս չկային: Իսկ հետագային, մինչեւ 1980, օգտագործուած է իբրեւ բանտ: 1984-ին եկեղեցին վերանորոգուած է, 1988-ին գործած իբրեւ Քուրթուլուշ մզկիթ:

Քուրթուլուշ մզկիթը, որ պատմութեան գանձի պէս նախկին շքեղութենէն ոչինչ չէ կորսնցուցած, Այնթապի ամէնէն մեծ մզկիթներէն է:

Նկատելի է, որ Անատոլիոյ մէջ որդեգրած դիրքորոշումը` ընդհանրապէս կոծկել հայոց պատմութիւնը, ըստ էութեան, կ’արտայայտէ Այնթապի ընդհանուր տեսակէտը: Այնթապի բնակչութիւնը Այնթապի հայերու պատմութեան հետ բաւական համերաշխ է:

Բոլորն ալ գիտեն եւ կ’ըսեն, որ յայտնի Քուրթուլուշ մզկիթը եղած է նախկին Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին:

1800-ականներուն Այնթապի մէջ 25 հայկական կրթական հաստատութիւն կար: Սուրբ Աստուածածին եկեղեցական համալիրէն 100 մ հեռաւորութեան վրայ շրջանին մէջ եղած են նաեւ բազմաթիւ փոքր եկեղեցիներ: Սուրբ Աստուածածին թաղամասի կառոյցներուն մեծ մասը, որքան ալ կիսաւեր շինութիւններ են, իբրեւ հայկական թաղամաս` իրենց ողջ պերճութեամբ կը սփռուին աչքի առջեւ: Կը տեսնենք հայկական փողոցներուն ողջ պատմութիւնը:

Իբրեւ արդիւնք, եթէ կարիք ըլլայ ընդհանրացնել Թուրքիոյ մէջ հայկական կոթողներուն նկատմամբ տարուող ոչնչացման քաղաքականութեան, նաեւ անցեալի ու ներկայի նկատմամբ վերաբերումը, կարելի է միայն մէկ բան ըսել. Թուրքիոյ մէջ հայկական մշակութային որեւէ ժառանգութիւն, որ կը յիշեցնէ հայերու գոյութեան մասին, կ՛ոչնչացուի:

Կանգուն մնացած կառոյցները դադրած են քրիստոնէական ծիսակատարութիւններու տաճարներ ըլլալէ, այլեւս դարձած են իսլամական աղօթավայրեր: Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, որուն անցեալը եւ ներկան ցուցադրուած է երկու նկարով, հետագային աւելցուցած են մինարեթ` վերածելով իսլամական մզկիթի:

Երէկ իբրեւ հայկական եկեղեցի գործող կառոյցին մէջ երբեք որեւէ դրօշ չէ եղած, այսօր խորանին մէջ թրքական դրօշն է: Անմիջապէս հետեւեալ միտքը կու գայ. Աստուծոյ տան մէջ ի՞նչ գործ ունի ազգի դրօշը, եթէ գործ ունի, ապա ինչո՞ւ Թուրքիոյ այլ մզկիթներու մէջ թրքական դրօշ չենք տեսներ:

Եկեղեցւոյ անցեալն ու ներկան եւ այս ընթացքին յառաջացած երբեմն շնչահեղձ ընող, երբեմն ցնցող, սակայն բացարձակապէս շշմեցնող փոփոխութիւնը ուզեցինք ցոյց տալ անհաւատալի նկարով:

Նկարները մեզի միայն իրականութիւնը ցոյց կու տան: Նայելով այս նկարներուն` կը տեսնէք հիասքանչ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ անցեալն ու ներկան, իսկ հետեւութիւնները կը ձգենք մեր յարգելի ընթերցողներուն:

«ՖԱՔԹԷՕՐ 301»

Leave a Reply

Advertisement