Wednesday Jun 19, 2013

Քոալան Պիտի Անհետանա՞յ

By adminx - Sat Jul 07, 5:32 am

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Քոալան, որ ագեվազին հետ յաճախ կը խորհրդանշէ Աւստրալիան, զոհ կը դառնայ անդադար ընդարձակուող քաղաքներուն:

Մասնագէտները քոալան դրած են Աւստրալիոյ հարաւ-արեւելքի շրջաններուն մէջ պահպանելի անասուններու ցանկին մէջ:

Անոր գոյութիւնը վտանգուած է քաղաքներու ընդարձակման, ինքնաշարժներու երթեւեկութեան, շուներուն եւ հիւանդութիւններու պատճառով:

Իր փորիկին վրայ  բնական գրպանով մը օժտուած այս փոքր ստնաւոր անասունը անցեալին արդէն վտանգուած էր:

1788 թուականին, անգլիացիներուն շրջան հասնելէ առաջ, քոալաներուն թիւը միլիոններու կը հասնէր Աւստրալիոյ մէջ: 1920-ական թուականներուն մարդիկ սկսան զայն որսալ` անոր հաստ մուշտակին համար: Բնակչութեան զայրոյթն էր, որ վերջ տուաւ այդ կոտորածին:

Այժմ որսորդութիւնը չէ, որ սպառնալիք մը կը ներկայացնէ անոնց համար, այլ` ընդարձակուող քաղաքները:

Ըստ կարգ մը ուսումնասիրութիւններու, երկրին մէջ մօտաւորապէս 40 հազար քոալա մնացած է:

***

Այս պատճառով է, որ քոալան «խոցելի» անասուններու ցանկին մէջ դրուած է, «խիստ վտանգուած» անասուններէն ետք:

Այս սպառնալիքը կը վերաբերի յատկապէս Աւստրալիոյ հարաւարեւելեան շրջաններուն: Մինչ ծայրագոյն հարաւը հակառակը կը պատահի: Անասուններուն թիւը շատ է: Հետեւաբար այս փոքրիկ անասունը տակաւին ամբողջովին անհետանալու վտանգին ենթակայ չէ…

***

Քոալան

  • Քոալան կ՛ապրի Աւստրալիոյ արեւելքը գտնուող անտառներուն մէջ: Անիկա կը բնակի ջերմիի ծառերուն վրայ եւ կը սնանի անոր կարգ մը տերեւներով:
  • Քոալան կրնայ ապրիլ մինչեւ 20 տարեկան: Չափահաս տարիքին ան կրնայ կշռել 4 – 15 քիլօ, եւ ունենալ 60 – 85 սմ հասակ:
  • Ան սքանչելի մագլցող մըն է: Ան ամէնէն սահուն կոճղերուն վրայէն կրնայ բարձրանալ` շնորհիւ իր շատ բարակ ճանկերուն:
  • Ան մենակեաց անասուն մըն է. կը սիրէ մինակ ըլլալ եւ աշխուժ է գիշերը: Օրուան ընթացքին ան ճիւղերուն մէջ ինքն իր վրայ ծալուած կը մնայ:
  • Քոալային ձագուկը իր մօր գրպանին մէջ կը մնայ 6 ամիս եւ անկախ կը դառնայ մէկ տարեկանին:

 

Վտանգուած Այլ Անասուններ

Եանկցէի մարսուէնը

Եանկցէի մարսուէնն ալ վտանգուած է  քաղաքներուն եւ գործարաններուն ապականումին պատճառով: Անիկա կ՛ապրի Չինաստանի Եանկցէ գետին, եւ անոր կապուած երկու լիճերուն մէջ: Եթէ մարդիկ չաշխատին զայն պահպանելու համար, դլփինին զարմիկ այս ծովային ստնաւորը կրնայ անհետանալ 15 տարիէն:

Ժայռոտ ջուրերու շանաձուկը

Այս որսացող ծովային անասունին թիւը կը նուազի Խաղաղական ովկիանոսին մէջ, յատկապէս` այն շրջաններուն մէջ, որոնց մօտ մարդիկ կ՛ապրին: Ժայռոտ ջուրերու շանաձուկերը մեծ թիւով կը սպաննուին իրենց լողակներուն համար (Ասիոյ մէջ սիրուած ուտելիք մը):

Սումաթրայի փիղը

Ինտոնեզիոյ (Ասիա) անտառները, ուր կ՛ապրի Սումաթրայի փիղը, կը փոխարինուին իւղ արտադրող ծառերով: Այս ձեւով այս վայրի փիղին բնական բնակավայրը կը փճացուի, եւ անասունը կամաց-կամաց կ՛անհետանայ: Անիկա կրնայ ամբողջովին անհետանալ 30 տարիէն:

Ժավայի ռնգեղջիւրը

Ասիոյ մէջ բնակող ռնգեղջիւրի այս տեսակը գրեթէ անհետացած էր: Սակայն մէկ տարիէ ի վեր դարձեալ յոյս կայ: Փրկութեան աշխատանքներու շնորհիւ` Ժավայի ռնգեղջիւրը փրկուելու վրայ է: 35 անասուններ, անոնց կարգին` փոքրիկ ռնգեղջիւրներ, նկարուած են Ինտոնեզիոյ մէկ արգելոցին մէջ:

 

Անհաւատալի Բայց Իրա՛ւ

  • Գետնառիւծին լեզուին երկարութիւնը իր մարմնին երկարութեան երկու անգամն է:
  • Էգ չղջիկները տարեկան միայն մէկ ձագ կ՛ունենան:
  • Կատուն կրնայ ժամական 20 քմ վազել:
  • Ընձուղտին լեզուն այնքան երկար է, որ ան կրնայ իր ականջները մաքրել:
  • Կովերը կրնան աստիճաններէն վեր ելլել, սակայն ոչ` վար իջնել:
  • Փիղերը օրական 23 ժամ կ՛անցընեն ուտելով:
  • Դլփինները մէկ աչքերնին բաց կը քնանան:
  • Կորիլլաները չեն կրնար լողալ:
  • Ընձուղտը ձայն չունի:
  • Փիղերը չեն կրնար ցատկել:
  • Գետաձիին կաթը վարդագոյն է:
  • Կէտի մը ուղեղը կը կշռէ 10 քիլոկրամ:
  • Ուղտ մը 17 օր կրնայ անապատին մէջ շրջիլ առանց ջուրի:
  • Սեւ արջին լեզուն կապոյտ է:
  • Կոկորդիլոսները չեն կրնար գոյները զանազանել:
  • Նորածին ընձուղտ մը մօտաւորապէս 1,8 մեթր հասակ ունի:
  • Մարդ արարածներուն նման, արու կապիկները կրնան ճաղատ դառնալ:
  • Առնէտ մը կրնայ ուղտէն աւելի երկար ժամանակ առանց ջուրի մնալ:
  • Ընձուղտները 24 ժամուան ընթացքին միայն 5 – 30 վայրկեան կը քնանան:
  • Օդին մէջ բարձրացող առաջին կենդանի  էակները ոչխար մը, սագ մը եւ աքլոր մըն էին, որոնք օդապարիկով օդ բարձրացան 1783 թուականին:

 

Ձեռային Աշխատանք

Արեւադարձային Գորտեր

Միւս բոլոր գորտերուն նման, անոնք ալ կը ցատկեն: Սակայն անոնց մորթը տարօրինակ գոյներ ունի:

 

Պէտք ունիս

6 x 9 սմ քառանկիւն թուղթերու, մելան ներկով մատիտներու կամ ջրաներկի եւ բարակ վրձինի:

 

1.- Շեղակի ձեւով անկիւնէն ծալէ քառանկիւն թուղթը` քառանկիւնին վերի ծայրը ձախ կողմին վրայ դնելով: Ապա նոյն ձեւով ծալէ դիմացի անկիւնէն: Ծալուածքները լաւ նշանակէ:

 

2.- Թուղթը կռնակի կողմը դարձուր: Քառանկիւնին վերի բաժինը ծալէ երկու շեղակի ծալքերուն իրարու կտրող կէտին մակարդակին վրայ:

 

 

 

3.- Ծալքերը բաց: Մատովդ ծալքերը դէպի ներս հրէ գագաթը դուրս պահելու համար (այն բաժինը, ուր շեղակները եւ ուղիղ գիծը իրարու կը կտրեն): Ապա ծալքերը իրարու վրայ բեր:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

4.- Թուղթդ սեղանին վրայ դիր, գագաթը դէպի վեր: Ծալուած պզտիկ եռանկիւնին երկու անկիւնները դէպի գագաթ ծալէ: Տափակցուր:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

5.- Երկու ծայրերը դէպի կեդրոն ծալէ: Տափակցուր:

6.- Թուղթդ երկու ծալէ` վարի կողմը գագաթին հասցնելով: Վերջապէս, այդ ծայրը դէպի վար ծալէ մինչեւ թուղթին ծայրը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

7.- Գորտդ դարձուր, ոտքերը քիչ մը բաց` զայն ոտքի դնելու համար:

8.- Գորտդ զարդարէ եւ ներկէ` ներշնչուելով արեւադարձային գորտերու պատկերներէն, առանց մոռնալու անոնց մեծ աչքերը

 

 

 

 

 

 

 

 

Խաղանք

Գորտդ պատրաստ է: Անոր հասակը արեւադարձային գորտի իսկական հասակին մօտաւորապէս հաւասար է:
Կրնաս զայն ցատկեցնել թուղթին ծայրը, կռնակին մէջտեղը ճնշելով:

 

 

 

Ժամանց

 

 

Կէտերը իրարու միացուր 1 – 90` գտնելու համար պահուած պատկերը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:

Կրնա՞ս գտնել պատկերասփիւռին պաստառին վրայ ծաղկամանին համապատասխանող ծաղկամանը:

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement