Wednesday May 22, 2013

50 Տարի Առաջ ( 7 Յուլիս 1962 )

By adminx - Sat Jul 07, 5:31 am

Տոմսեր

Կնոջ Պատմութիւն

Պրազիլցի երեսփոխան մը խորհրդարանին ներկայացուցած է օրինագիծ մը` պահանջելով տուրքէ զերծ կացուցանել գեղեցիկ կին ունեցող այրերը: Իբրեւ պատճառաբանութիւն` երեսփոխանը ըսած է, թէ գեղեցիկ կիները միշտ մտահոգութիւն կը պատճառեն իրենց այրերուն եւ այս վերջիններու քսակներուն:

Խորհրդարանը միաձայնութեամբ մերժած է այս ծրագիրը: Ոմանք կրնան հետեւցնել, թէ բացի Փերեզէն (այս է այդ երեսփոխանին անունը) բոլոր երեսփոխանները տգեղ կիներու դժբախտ ամուսիններն են:

Չեմ գիտեր, թէ ուրիշ խորհրդարաններու դիրքը ի՛նչ պիտի ըլլար այս հարցին նկատմամբ:

Ըստ երեւոյթին, Փերեզի ծրագիրը շատ ապուշ բան մըն է: Բայց կարելի է ըսել, թէ փոքր փոփոխութեամբ մը կարելի էր վաւերացնել այս օրինագիծը… Միայն թէ տուրք վճարող չէր մնար, եւ պրազիլեան կառավարութիւնը կը սնանկանար:

Ով գիտէ, թէ որքան ճնշումի ենթարկուած է այս խեղճ երեսփոխանը իր կնոջ կողմէ, որ այլեւս ձանձրանալով արդուզարդ գնելէ` ստիպուած է այսպիսի օրինագիծ մը յղանալ:

Փերեզ չէ մտածած, որ եթէ գեղեցիկ կիներու այրերը տուրքէ զերծ կացուցուին, այն ատեն հարկ պիտի ըլլայ կրկնապատկել տգեղ կին ունեցող այրերու վճարելի տուրքերը:

Շարունակե՞նք Փերեզ:

Կը կարծէ՞ք, թէ տգեղ կիներ նուազ գլխու ցաւ կը պատճառեն իրենց ամուսիններուն, արդուզարդի համար, եւ պէս պէս ծախսերու դուռ չե՞ն բանար: Քա՛ւ լիցի: Թերեւս գտնուին գեղեցիկ կիներ, որոնք գոհանան իրենց ունեցածով: Բայց կարելի՞ է գտնել տգեղ կին մը, որ իր վիճակէն գոհ ըլլայ: Քա՛ւ լիցի ըսէ ու անցիր: Ամէն կին ինք իրեն համար գեղեցկութեան թագուհի մըն է: Եւ այսպիսի կին մը խնայել չի գիտեր ո՛չ իր ամուսնոյն քսակին, եւ ոչ ալ համրա-փուտրային...

Իսկ ամէնօրեայ պարպուած անուշահոտի շիշերը, այրերու քսակին համար, մէյմէկ դառնութեան բաժակ են` քամուած ցմրուր:

Գնահատելի էք, Փերեզ ձեր ինքնատպութեանը, եւ նամանաւանդ համարձակութեանը համար, որով կրցած էք տառապող այր մարդու բողոքը բարձրացնել մինչեւ խորհրդարան… բայց ինչո՞ւ, ինչո՞ւ խօսիլ միմիայն գեղեցիկ կին ունեցող այր մարդոց մասին եւ անտեսել տգեղ կիներու խեղճ ամուսինները:

Վստահ եղէք, Փերեզ, եթէ ձեր օրինագծին մէջէն վերցնէիք «գեղեցիկ» բառը, շատ մը համախոհներ պիտի կարենայիք գտնել ձեր պաշտօնակիցներուն մէջէն:

Կինը կին է ամէն տեղ:

ԳԵՒՕ

«Ճեմարանաւարտներու Օր»-ը`
Յունիս 24

Ճեմարանի Շրջ. միութիւնը լաւագոյն հիմերու վրայ դնելու մտադրութեամբ, նորընտիր վարչութիւնը մեծ ճիգեր էր թափած` պատրաստելով ցանկը բոլոր աւարտականներուն, փնտռելով անոնց հասցէները եւ կազմելով թղթածրար մը: Այս աշխատանքը պսակուեցաւ յունիս 24-ին: Առաւօտեան ժամը 10:00-ին տեղի ունեցաւ համագումար մը, որուն ներկայ էին մօտ 90 նոր եւ հին շրջանաւարտներ: Համագումարը զբաղեցաւ միութիւնը հետաքրքրող կարգ մը էական հարցերով. նկատելի էր բոլոր ներկաներուն խանդավառ մասնակցութիւնը հարցերու քննարկման մէջ:

Տարիներով սպասուած համագումարն էր այս, որ ի մի կը հաւաքէր 28 սերունդներու մեծամասնութինը: Ժողովը տեղի ունեցաւ շատ հաճելի մթնոլորտի մը մէջ (փոխանցման վարչութեան շինիչ գործունէութիւնը ջերմապէս եւ ծափահարութիւններով գնահատելով, համագումարը միաձայնութեամբ զայն վերընտրեց յառաջիկայ տարեշրջանի համար), անոր վրայ աւելցան երկու նոր վարչականներ եւս: Ժողովը վերջ գտաւ ժամը 12:30-ին, հաւաքական նկարէ մը ետք, որուն կը մասնակցէին 20 նոր շրջանաւարտներ եւս:

Օրուան գեղեցկագոյն անակնկալը վերապահուած էր երեկոյեան: Ժամը 20:00-ին Ճեմարանի կանաչազարդ պարտէզը հաւաքուած էր ճեմարանաւարտներու եւ անոնց պարագաներուն խուռներամ բազմութիւն մը, որոնց թիւը բարձրացաւ աւելի վերջ մօտ 170 հոգիի: Ներկաները հիւրասիրուեցան զովացուցիչներով եւ ախորժաբերներով: Զանազան սերունդի պատկանող երէց ու կրտսերներ ծանօթացան իրարու, ոգեկոչեցին հին յիշատակներ մինչեւ ժամը 21:00: Ապա ներկաները տեղ գրաւեցին բակին շուրջը պատրաստուած սեղաններու առջեւ: Բացման խօսքը կատարեց միութեան նախագահը` Ե. Գոնեալեան, որ անդրադարձաւ ճեմարանաւարտներու առաքելութեան, նոր շրջանաւարտներու կնքահայրութիւնը ստանձնեց նոյնպէս Ե. Գոնեալեան, որ զանոնք մկրտեց «Նիկոլ Աղբալեան» անունով:

Խօսք առաւ հաստատութեան տնօրէն Սիմոն Վրացեան, որ մեծ հրճուանքով արտայայտեց իր զգացած ուրախութիւնը նման առիթով մը: Մէջ ընդ մէջ բարձրախօսին առջեւ անցան բոլոր սերունդներու պատկանող ընկերները եւ պատմեցին ճեմարանականի իրենց կեանքէն յուշ մը: Երէց, միջին եւ կրտսեր սերունդէն խօսք տրուեցաւ Գ. Բանեանի, Վ. Շամլեանի եւ Զարեհ Սրուզեանի: Կարդացուեցան հատուածներ այն զանազան նամակներէն` զորս վարչութիւնը ստացած էր հեռու եւ բացակայող ընկերներէ: Բոլորն ալ կ՛անդրադառնային այն սիրելի ու անզուգական մթնոլորտին, զոր գտած էին Ճեմարանի յարկերուն տակ եւ որմէ զրկուած էին այժմ:

Ժամանակի մնացեալ մասը յատկացուեցաւ ճաշկերոյթի եւ պարերու:

Յունիս 24-ը իր ամբողջութեանը մէջ եղաւ անկիւնադարձ մը Շրջ. միութեան կեանքին մէջ: Վստահօրէն կարելի է ըսել, որ յառաջիկային ճեմարանաւարտներ վերագտած ըլլալով տարիներէ ի վեր զիրենք կապող թելը` մեծ խանդավառութեամբ եւ կարօտով պիտի հաւաքուին բոլոր ձեռնարկներու առիթով. այդ յոյսը տուաւ յունիս 24-ը:

Յաջողութեան մաղթանքներ` յառաջիկային:

ԱՐՄ. ՏԷՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

4-7-1962

 

Leave a Reply

Advertisement