Wednesday Jun 19, 2013

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

By adminx - Sat Jul 07, 5:30 am

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ականջ տուէք ձեր ներքին ձայնին, կատարեցէք անոր թելադրանքները: Ճշմարտութեան եւ արդար վերաբերումի ձեւը այս է, ուրիշին մի՛ հետեւիք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր առաջարկները նկատի պիտի առնուին համատեղ խորհրդակցութեան ատեն: Փոփոխամիտ անձերու կարեւորութիւն մի՛ տաք, հեռու կեցէք շահամոլներէ:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Աշխատանքի մը մանրամասնութիւնները կատարելու համար յաւելեալ ժամանակի կարիքը պիտի ունենաք: Այսօր գոհացէք միայն հիմնական գործերով:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Արուեստի գործերով հետաքրքրուիլը կը բարձրացնէ ձեր տրամադրութիւնը: Այսօր պիտի ունենաք լաւ առիթ մը` սերտելու համար ձեր նախասիրած աշխատանքը:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Աննշան նկատուած ծրագիր մը կրնայ աւելի մեծ ազդեցութիւն ունենալ` ձեր համբաւը բարձրացնելու: Մի՛ արհամարհէք փոքր եկամուտները, որոնք կրնան ճամբայ բանալ աւելի կարեւոր նախաձեռնութիւններու: Աշխատեցէք:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Հարցի մը քննարկման համար պիտի խնդրուի ձեր վկայութիւնը: Առանց կողմնակալ տրամադրութեան` արտայայտեցէք ձեր տեսակէտը: Այս ձեւով օգտակար պիտի ըլլաք արդար լուծում մը ունենալու:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Գաղտնապահ ըլլալը արժանիք մըն է, բայց ծածկամտութիւնը` կեղծիք: Այսօր կրնաք հանդիպիլ ծածկամիտ մարդու մը, որ կ՛ուզէ օգտուիլ ձեզմէ:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Գոհունակութիւն ունենալը պիտի դիւրացնէ օրուան ձեր կատարելիք աշխատանքները: Չափազանց բծախնդրութիւնը կ՛արգելակէ յառաջդիմելը, հետեւաբար մնացէք չափաւոր:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Դուք որոշեցէք ձեր ընելիքը` առանց հետեւելու այլոց տեսակէտին: Եղէք շրջահայեաց, որպէսզի կարենաք հետեւիլ օրուան անցուդարձերուն: Խաղաղ եղէք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Մէկ ձեռքով ծափ չի զարնուիր: Ուրեմն դիմեցէք ձեր յարմար նկատած անձին, որպէսզի կարենաք յաջողութեամբ աւարտել ձեր ստանձնած գործը:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Դադար մը տուէք ձեր գործունէութեան` ժամանակ տրամադրելու համար նաեւ զուարթ ու հաճելի պահեր ունենալու: Միացէք ձեր ընկերներուն:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Եթէ դժուարութիւն մը կամ արգելք մը ունենաք օրուան ընթացքին, առանց երկմտութեան` դիմեցէք հարցին ծանօթ անձի մը, որ սիրով պիտի օգնէ` դիւրացնելով ձեր աշխատանքը: Ամչնալը կը վնասէ յաճախ:

Leave a Reply

Advertisement