Դաւիթ Շահնազարեան Դուրս Եկաւ Հայ Ազգային Քոնկրեսէն
By adminx - Fri Jul 06, 7:46 am
- 0 Comments
- 108 views
- Tweet
Email
Print
«Երկիր»-ի կայքէջը երէկ հաստատեց, որ Դաւիթ Շահնազարեան դուրս եկած է Հայ ազգային քոնկրեսէն:
Վերջին շրջանին մամուլին մէջ յաճախ շրջանառութեան մէջ կը դրուէին լուրեր, թէ Շահնազարեան տարակարծութիւններ ունի Հայ ազգային քոնկրեսի միւս գործիչներուն հետ: Իր վերջին ասուլիսին մէջ քոնկրեսի համակարգող, Ազգային ժողովի նոյն խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրաբեան թէեւ խոստովանեցաւ, որ Շահնազարեան այլեւս հրապարակային գործունէութեամբ չի զբաղիր, սակայն չուզեց պարզաբանել, թէ ինչու:
«Երկիր»-ի համաձայն, Շահնազարեան դժգոհ է Հայ ազգային քոնկրեսի նախընտրական եւ այժմու գործունէութենէն, աւելի ճիշդ` Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան հետ համագործակցութենէն:
- 0 Comments
- 108 views
- Tweet
Email
Print




