Saturday May 25, 2013

Տաւութօղլու Փարիզ Կը Մեկնի. Թուրքիա Կը Յուսայ Ֆրանսայի Հետ Յարաբերութիւնները Նախկին Մակարդակին Հասցնել

By adminx - Fri Jul 06, 7:44 am

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւսի հրաւէրով այսօր Փարիզ պիտի մեկնի:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին առանցքը պիտի ըլլայ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները «արժանի մակարդակին վերադարձնել:

«Այցելութեան ընթացքին պիտի քննարկուին թուրք-ֆրանսական յարաբերութիւնները` բոլոր մարզերուն մէջ, ինչպէս նաեւ կողմերը մտքեր պիտի փոխանակեն շրջանային եւ միջազգային շարք մը հարցերու շուրջ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը այս այցելութիւնը կը նկատէ Ցեղասպանութեան ժխտման քրէականացման օրէնքին վաւերացման հետեւանքով գրեթէ խզուած յարաբերութիւնները վերականգնելու ուղղուած կարեւոր քայլ:

Օրաթերթը կը նշէ, որ Ֆրանսայի նոր նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հանդիպումները Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի եւ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ դրական մթնոլորտի մէջ անցած են, եւ եթէ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը եւս այդպիսի ընթացք ունենայ, Ֆրանսայի դէմ Թուրքիոյ կիրարկած պատժամիջոցները, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի վերցուին:

Նշենք, որ այսօր Փարիզի մէջ տեղի կ՛ունենայ «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու հերթական ժողովը, որուն պիտի մասնակցի Տաւութօղլու:

 

Leave a Reply

Advertisement