«Հայաստան Եւ Ազրպէյճան Պէտք Է Լիովին Կատարեն Եահկ-Ի Մինսքի Խմբակի Ծիրին Մէջ Նախագահներու Կողմէ Ստանձնուած Պարտաւորութիւնները» Կ՛ըսէ Ռոմփոյ
By adminx - Fri Jul 06, 7:43 am
- 0 Comments
- 36 views
- Tweet
Email
Print
Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Հերման վան Ռոմփոյ Պաքուի մէջ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ ղարաբաղեան տագնապը զինուորական ուժով պիտի չլուծուի. միայն բանակցութիւններու ճամբով խաղաղ լուծումը կրնայ ամբողջ շրջանին թոյլ տալ փոխել սթաթիւս քոն` դէպի անվտանգ ու բարգաւաճ ապագայ:
«Հայաստանն ու Ազրպէյճանը պէտք է որոշում տան` հիմնուելով մատրիտեան սկզբունքներուն վրայ: Երկու երկիրները պէտք է լիովին կատարեն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ նախագահներուն կողմէ ստանձնուած պարտաւորութիւնները», ըսած է ան:
Ռոմփոյ նաեւ ընդգծած է զինադադարի համաձայնագիրին խստօրէն հետեւելու եւ զսպուածութիւն դրսեւորելու անհրաժեշտութիւնը` կոչ ուղղելով զերծ մնալ թշնամական հռետորաբանութենէն եւ հրապարակային յայտարարութիւններէն:
«Լուծումին հասնելու համար անհրաժեշտ է փոխադարձ վստահութիւն ու յարգանք: Նոյնը երէկ կրկնած եմ Երեւանի մէջ», ըսած է ան:
«Քոնթաքթ.ազ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի անկախ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն թոյլ չէ տրուած ներկայ գտնուիլ մամլոյ ասուլիսին:
- 0 Comments
- 36 views
- Tweet
Email
Print




