Օթան Ղարաբաղեան Տագնապին Զինուորական Լուծում Չի Տեսներ
By adminx - Fri Jul 06, 7:41 am
- 0 Comments
- 32 views
- Tweet
Email
Print
Երէկ Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ափաթուրայ Պաքուի մէջ յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին զինուորական լուծում չկայ:
1news.az համացանցային պարբերականին համաձայն Ափաթուրայ ըսաւ, որ ՕԹԱՆ-ը հանդէս կու գայ տագնապի խաղաղ լուծման օգտին, քանի որ դաշինքին համար ծայր աստիճան կարեւոր է կայունութիւնը կովկասեան շրջանին մէջ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը վերաբերի ՕԹԱՆ այն փաստին, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ արգելք սահմանուած է Ազրպէյճանին զէնքի վաճառումին վրայ, Ափաթուրայ ըսաւ, որ դաշինքը չի միջամտեր իր անդամ երկիրներուն անհատական քաղաքականութեան:
- 0 Comments
- 32 views
- Tweet
Email
Print




