Tuesday May 21, 2013

Պութրոս Հարպը Մահափորձի Թիրախ Դարձնելու Գործողութիւն Մը Կը Ձախողի. Մարտ 14-ի Քաղաքական Ուժերը Կը Պահանջեն Կառավարութեան Հրաժարականը

By adminx - Fri Jul 06, 7:40 am

Հարպ եւ իր համակիրները կը հետեւին մահափորձին վերաբերող տեղեկութիւններուն

Ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ յայտարարուած ապահովական ամսուան ընթացքին Լիբանանի մէջ արձանագրուած ապահովական տասնեակ խախտումներուն շարքին երէկ բացայայտուեցաւ արարք մը, որուն նպատակն էր մահափորձի թիրախ դարձնել  երեսփոխան Պութրոս Հարպը:

Հարպ իր առօրեային համաձայն ուղղուած էր դէպի Սամի Սոլհի շրջան` իրաւաբանութեան իր գրասենեակը, ուր առաւօտեան այցելած էին երեք անձեր, որոնք վերելակին մէջ ական կը լարէին:

Շէնքին պահակը նկատած էր սխալ շարժում մը եւ կրցած էր բռնել անոնցմէ մէկը, որ դանակով զինուած էր եւ կը փորձէր պատճառաբանել, թէ ինք եկած է համացանցի դրութիւնը բարելաւելու:

Ըստ պահակին, անոնք կրցան իրենց մօտ պահել յանցագործը, մինչեւ իրենց կողմը մօտեցաւ սեւ գոյնի «Պի. Էմ. Տապըլեու.-Իքս.5» տիպի ինքնաշարժ մը, որուն մէջէն զինեալ մը յայտարարած էր, թէ ինք բանակի գաղտնի սպասարկութեան կը պատկանի, եւ կրցած էր իրենց ձեռքէն փախցնել զայն ու տանիլ դէպի Թայեունէի կողմ: Աւելի ուշ յստակ դարձած էր, որ այդ ինքնաշարժը գողցուած է, ինքնաշարժին թիւը կեղծուած է, իսկ ինքնաշարժը վարողը նոյնքան յանցագործ է:

Անոնց մեկնումէն ետք, երբ ապահովական ուժերը հասան շրջան, հաստատեցին, որ վերելակին մէջ ական մը կայ: Բանակի սակրաւորները աշխատեցան վնասազերծել ականը` բացայայտելով, թէ անոր պայթուցիչը չէր միացուած:

Հարպ յայտնեց, որ այս միջադէպին մասին հետաքննութիւն բացուած է` աւելցնելով, որ պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնութենէն եւ զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ դատախազ Սաքըր Սաքըրէն ինք ստացած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ, որոնք կը հաստատեն այդ դէպքին շուրջ լուրջ հետաքննութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

Իշխանութեան երեք պետերը հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցան Հարպի հետ եւ դատապարտեցին անոր դէմ նիւթուած արարքը:

Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել այցելեց Հազմիէ` երեսփոխան Հարպի բնակարանը, ուր ան դատապարտեց Հարպի դէմ գործուած արարքը:

Ան կոչ ուղղեց ենթադրութիւններէ հեռու մնալու եւ առիթ տալու, որ հետաքննութիւնը իր սովորական ընթացքով շարունակուի:

Շարպել յայտնեց, որ ահաբեկչական այս փորձը ապահովական ամսուան հետ ոչ մէկ առնչութիւն ունի` աւելցնելով, որ իրենք բազմիցս զգուշացուցած են քաղաքական անձնաւորութիւններուն դէմ գործուելիք ահաբեկչական արարքներէն:

Հարպի դէմ գործուած արարքը դատապարտեցին նաեւ պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն, տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի, ինչպէս նաեւ ապահովական կառոյցներու պատասխանատուներ եւ մեծ թիւով քաղաքական անձնաւորութիւններ:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը իր կարգին խստիւ դատապարտեց Հարպի դէմ նիւթուած արարքը եւ առողջութիւն մաղթեց անոր` խնդրելով պատասխանատուներէն ամէն ճիգ ի գործ դնել` երկրին մէջ խաղաղութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը վերահաստատելու նպատակով:

Ամերիկեան դեսպանատունը եւս հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ դատապարտեց Հարպի դէմ մահափորձը` ընդգծելով, որ կառավարութիւնը պէտք է լուրջ հետաքննութիւն կատարէ այս իմաստով:

Մարտ 14-Ի Քաղաքական Ուժերու Նիստ`
Հարպի
Բնակարանին Մէջ

Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն ընդհանուր քարտուղարութիւնը երեկոյեան նիստ մը գումարեց Հարպի բնակարանին մէջ:

Նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը կարդաց նախկին երեսփոխան Ֆարես Սուէյտ, որ յայտնեց, թէ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կառավարութիւնը պատասխանատու կը նկատեն Հարպի դէմ գործուած այս արարքին եւ կը պահանջեն անոր հրաժարականը:

Սուէյտ կոչ ուղղեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի եւ երեսփոխան Պութրոս Հարպի դէմ գործուած մահափորձերուն թղթածրարները փոխանցելու Միջազգային դատական ատեան:

Սուէյտ կառավարութիւնը, Ազգային ազատ հոսանքն ու Հըզպալլան պատասխանատու նկատեց ներքին ապահովութեան ուժերուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն վերաբերող տեղեկութիւնները չտրամադրելու կեցուածքին:

 

Leave a Reply

Advertisement