Saturday May 25, 2013

Խորհրդարանի Դիւանին Նիստը Ջնջուեցաւ

By adminx - Fri Jul 06, 7:38 am

Նախարար Պասիլ, Ռայի պատրիարքը եւ երեսփոխան Քանաան

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի զարմանք յայտնեց, երբ իմացաւ, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն երեսփոխանները ներկայ պիտի չգտնուին խորհրդարանի դիւանի նիստին, որ պիտի գումարուէր երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Այն Թինէի մէջ:

Պըրրի զարմանք յայտնեց նաեւ այն պատճառով, որ դիւանն էր նիստի գումարումը պահանջողը եւ ոչ թէ ինք:

Երէկուան նիստին ներկայ գտնուեցաւ միայն երեսփոխան Միշել Մուսա, իսկ խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի եկաւ յայտարարելու, թէ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու երեսփոխանները, որոնք դիւանին անդամ են, ներկայ պիտի չգտնուին այդ նիստին` սերտելու համար խորհրդարանին աշխատանքը բարելաւելու ձեւերը:

Պըրրի Այն Թինէի մէջ ներկայ լրագրողներուն հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ այդ նիստին ընթացքին խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին ատենագրութիւնը պիտի չվաւերացուէր, այլ` խորհրդակցութիւններ պիտի կատարուէին:

«Եթէ դիւանին անդամները այդ մտահոգութեամբ բացակայեցան, ապա անոնք սխալած են, ինչպէս նաեւ սխալած են այն առումով, որ իրենք նիստ մը պահանջած են եւ ներկայ չեն գտնուած», ըսաւ Պըրրի:

Անդրադառնալով կարգ մը քրիստոնեայ պլոքներուն կողմէ խորհրդարանի նիստերուն ընթացքին դէմ արձանագրուած բողոքին` Պըրրի ըսաւ, որ ինք քսան տարիէ ի վեր խորհրդարանի ներքին կանոնագիրին կը հետեւի եւ զայն տառացիօրէն կը գործադրէ:

Իր գործելաոճը դատապարտողներուն պատասխանելով` Պըրրի ըսաւ, որ անոնք խորհրդարանին ներքին կանոնագիրը անգամուան մը համար պէտք է աչքէ անցընեն` աւելցնելով, որ ինք կառչած կը մնայ երկրին սահմանադրութեան:

Միւս կողմէ, նշենք, որ Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակները իրենց պաշտօններուն վրայ հաստատելու որոշումին մասին իրենց կեցուածքը յայտնելու առումով, երէկ նախագահական պալատ ուղղուեցան ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ ինք պիտի սպասէ օրինագիծին եւ զայն լաւապէս սերտելէ ետք ըստ այնմ պիտի շարժի:

ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ է աւելցնել նաեւ, որ Պասիլ եւ Քանաան այցելեցին նաեւ Պքերքէ, ուր անոնք հանդիպում մը ունեցան մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ` անոր հետ քննարկելով սարակներուն թղթածրարին մասին Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կեցուածքը:

 

Leave a Reply

Advertisement