Wednesday May 22, 2013

Զինուորական Եռակողմանի Հանդիպում` Ռաս Նաքուրայի Մէջ

By adminx - Fri Jul 06, 7:36 am

Ռաս Նաքուրայի մէջ երէկ առաւօտեան տեղի ունեցաւ եռակողմանի զինուորական հանդիպում մը` լիբանանցի ու իսրայէլացի սպաներու եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրայի միջեւ:

Նիստին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի:

Հանդիպումէն ետք Փլամպլի յայտնեց, որ քննարկուած են ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին վերաբերող հարցեր, սահմանային Կապոյտ գիծին մէջ տիրող կացութիւնն ու արձանագրուող ոտնձգութիւնները եւ միջադէպերը, ինչպէս նաեւ հիւսիսային Ղաժարէն իսրայէլեան ուժերուն հեռացման հեռանկարները:

Իր կարգին, զօր. Սերրա ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարութեան անունով յայտնեց, որ հանդիպումը եղած է շինիչ` աւելցնելով, որ երկու կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնած են գործադրելու թիւ 1701 բանաձեւին կէտերը, ինչպէս նաեւ պահպանելու շրջանին խաղաղութիւնը:

 

 

Leave a Reply

Advertisement