Կրթութեան Նախարարին Հետ Համաձայնելէ Ետք Ուսուցիչները Կ՛ուղղուին Սրբագրելու Պետական Քննութիւնները
By adminx - Fri Jul 06, 7:34 am
- 0 Comments
- 6 views
- Tweet
Email
Print
Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Հասսան Տիապ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ նախարարական յանձնախումբին հետ, որուն մաս կազմեցին նախարարներ Ալի Հասան Խալիլ, Մոհամետ Ֆընէյշ, Սելիմ Ժրայսաթի եւ Ղազի Արիտի, ինչպէս նաեւ Սենտիքայական աշխատանքը համակարգող խորհուրդը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ուսուցիչներուն դիմագրաւած հարցերը եւ շեշտուեցան անոնց արդար պահանջներն ու իրաւունքները:
Հանդիպումէն ետք Տիապ յայտնեց, որ Սենտիքայական աշխատանքը համակարգող խորհուրդին հետ իր հանդիպումը դրական եղած է եւ խորհուրդը խոստացած է յայտարարել, թէ ինք վերջ պիտի տայ պետական քննութիւններուն սրբագրութիւնը պոյքոթի ենթարկելու իր կեցուածքին:
Միւս կողմէ, Լիբանանեան վարժարաններու երկրորդական կարգերու ուսուցիչներու լիկայի նախագահ Հաննա Ղարիպ յայտնեց, որ նախարարները, ինչպէս նաեւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կը զօրակցին իրենց պահանջներուն:
- 0 Comments
- 6 views
- Tweet
Email
Print



