Նախարար Սապունճեան Ընդունեց Տաւիտ Աֆրամն Ու Ֆիլիփեան Կղզիներու Դեսպանը
By adminx - Fri Jul 06, 7:33 am
- 0 Comments
- 13 views
- Tweet
Email
Print
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ինքնաշարժ ձեւաւորող Տաւիտ Աֆրամի հետ, որ նախարարին ներկայացուց իր ծրագիրներուն մասին տեղեկութիւններ եւ մանրամասնութիւններ, ինչպէս նաեւ անոնց դիմագրաւած դժուարութիւնները:
Աֆրամ յայտնեց, որ իր հիմնական հարցը այն է, որ ինք չի կրնար Լիբանանի մէջ ձեւաւորուած ինքնաշարժը արձանագրել, որովհետեւ Լիբանանի մէջ օրինական բանաձեւ մը գոյութիւն չունի նման բան կատարելու:
Աֆրամ նախարար Սապունճեանին ներկայացուց իր ձեւաւորած նոր ինքնաշարժը:
Վ. Սապունճեան ողջունեց լիբանանեան ստեղծագործ նախաձեռնութիւնները եւ քաջալերեց Աֆրամը` շարունակելու իր գիւտերը: Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց օժադակելու, որ Լիբանանի մէջ ստեղծագործ աշխատանքը խոչընդոտող արգելքները վերանան:
Միւս կողմէ, Վ. Սապունճեան ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆիլիփեան կղզիներու դեսպանը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու առեւտուրի ու ճարտարարուեստի մարզերուն մէջ փոխադարձ գործակցութեան բարելաւման հեռանկարները:
Հանդիպումէն ետք Ֆիլիփեան կղզիներու դեսպանը ընդգծեց, որ իր երկիրը պատրաստ է իր դռները բանալու լիբանանեան արտադրութեանց առջեւ` աւելցնելով, որ իր երկիրը կը փափաքի Լիբանանի հետ առեւտրական գործակցութեան շրջագիծին մէջ երկկողմանի համաձայնագիր մը ստորագրել:
- 0 Comments
- 13 views
- Tweet
Email
Print




