Sunday May 26, 2013

Աքքարի Մէջ Բողոքի Ալիք Կը Բարձրանայ

By adminx - Fri Jul 06, 7:32 am

Աքքարի մէջ շէյխ Ապտել Ուահետի ու անոր թիկնապահին սպանութեան հարցով ձերբակալուած եւ բանտարկուած բանակայիններուն դատավարութեան շրջագիծին մէջ, զինուորական ատեանը երէկ ազատ արձակեց երեք սպաներ եւ ութ զինուորներ, մինչ հինգ բանակայիններ մնացին ձերբակալուած:

Զինուորները երաշխաւորագինով ազատ արձակուեցան եւ վերադարձան իրենց պաշտօններուն, սակայն պայմանաւ որ անոնք դարձեալ ներկայ գտնուին որեւէ դատավարութեան:

Զինուորական ատեանին կողմէ տրուած այս որոշումը Աքքարի մէջ բարձրացուց բողոքի ալիք մը, որուն ծիրին մէջ զինեալներ փակեցին ճամբաները եւ անցարգել մը զետեղեցին Աքքարի Մունժեզ գիւղաքաղաքին մուտքին ու խուզարկեցին դէպի Աքքար մուտք գործող ինքնաշարժները:

Պիրէի մէջ, թրքաբնակ գիւղաքաղաքի բնակիչները մերժեցին զինուորները ազատ արձակելու որոշումը եւ հրկիզուող անիւներով փակեցին ճամբաները` բողոքելով այդ որոշումին դէմ:

 

Leave a Reply

Advertisement