Sunday May 19, 2013

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

By adminx - Fri Jul 06, 7:30 am

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակները հաստատ պաշտօնեաներու վերածելու հարցը լուծելու առումով վարչապետ Նեժիպ Միքաթի պէտք է կառչած մնայ կառավարութեան ներկայացուցած լուծման օրինագիծին:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը յառաջիկայ 13-15 յուլիսին հովուապետական այցելութեամբ մը պիտի ուղղուի Աքքար:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ ընդունեց Չեխիոյ արտաքին գործոց նախարար Քարլ Շուարցընպըրկը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ իրադարձութիւնները:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ ընդունեց երեսփոխան Խալետ Զահրամանը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի յայտնեց, որ Մար Մըխայէլի երկաթուղիի կեդրոն պիտի ժամանեն 200 նոր պասեր, որոնք պիտի օգտագործուին հանրային փոխադրութեան համար: Ըստ Արիտիի, պասերուն Լիբանան փոխադրութիւնը պիտի կատարուի մինչեւ ամրան աւարտը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ռոպեր Ղանեմ յայտնեց, որ եթէ խորհրդարանի դիւանը վաւերացնէ խորհրդարանի նիստին ատենագրութիւնը, ապա ասիկա կը նշանակէ, թէ Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակները իրենց պաշտօններուն վրայ հաստատուած են:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուի նշեց, որ «Օժերօ»-ն կը կրէ Լիբանանի տարածքին համացանցի ծառայութեան ընդհատումին ամբողջ պատասխանատուութիւնը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ ո՛չ խորհրդարանի նախագահը եւ ո՛չ ալ վարչապետը կ՛ակնկալէին, որ համախմբումի նախարարները կառավարութեան նիստին իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկեն:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Միշել Մուսա յայտնեց, որ իրենք քաղաքական դաշինքի մէջ են եւ պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնեն` պահպանելու համար այդ դաշինքը:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը նեղացած է, որովհետեւ Հըզպալլա լուռ ու անտարբեր մնացած է իր դաշնակիցին նկատմամբ: Ան ըսաւ, որ անոնց միջեւ քաղաքական դաշինքը լուրջ հարցի դէմ յանդիման կը գտնուի: Ընտրական օրէնքին իմաստով, Ուահապ կոչ ուղղեց զօր. Աունի նկատի չունենալու շիի իր դաշնակիցները, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի նկատի չունենալու նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ կան որոշ սահմաններ, որոնք Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կողմէ պիտի չանցուին անոր որդեգրած մագլցողական քայլերուն առումով, սակայն նաեւ պէտք չէ զօր. Աունը շրջանցել:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրիի յայտնած է, որ երկրին պաշտպանութեան իմաստով կառավարութիւնը ապահովական խիստ միջոցառումներու դիմած է:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Ամալ շարժումին, Հըզպալլայի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ մօտիկ ապագային հանդիպում մը անպայման տեղի պիտի ունենայ:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ մօտիկ աղբիւրներ «Լիուա» օրաթերթին հետ իրենց ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեցին, որ կը սխալի ան, որ գրաւ կը դնէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ իրենց դաշինքին քայքայումին վրայ:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ ան կը փափաքէր, որ այս հանգրուանին երեսփոխան Սաատ Հարիրի ըլլար երկրին վարչապետը:

ՄԱՐՏ 8-ի քաղաքական ուժեր «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ ո՛չ Ամալ շարժումը եւ ո՛չ ալ Հըզպալլան կը փափաքին Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ գոյացած դաշինքը խզել:

 

 

Leave a Reply

Advertisement