Իսրայէլ Կը Մերժէ Արաֆաթը Սպաննած Ըլլալու Ամբաստանութիւնը
By adminx - Fri Jul 06, 7:24 am
- 0 Comments
- 60 views
- Tweet
Email
Print
Իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ քաղաքական բարձրաստիճան աղբիւրներ կը մերժեն Պաղեստինեան իշխանութեան նախկին նախագահ Եասեր Արաֆաթի սպանութեան պատասխանատու ըլլալու Իսրայէլին ուղղուած ամբաստանութիւնները:
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութենէն բանբեր մը յայտնեց, որ Արաֆաթի մահուան պատճառը նշուած է անոր այրիին` Սուհայի մօտ գտնուող բժշկական թղթածրարին մէջ: Ան նշեց, որ Արաֆաթ անմարդաբնակ կղզիի մը մէջ չմահացաւ, այլ` Ֆրանսայի մէջ գտնուող հանրածանօթ հիւանդանոցի մը մէջ, ուր անոր դարմանումին կը հսկէր ֆրանսական բժշկական մեծաթիւ անձնակազմ մը, իսկ այդ անձնակազմին անդամները քաջածանօթ են անոր մահուան պատճառներուն:
Բանբերը նշեց, որ կարելի չէ հիմնուիլ «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին սփռած այն վաւերագրական ժապաւէնին վրայ, ըստ որուն 2004-ին իր մահէն առաջ Արաֆաթի կրած հագուստներուն եւ գործածած իրերուն վրայ շողարձակ փոլոնիումի հետքեր գտնուած են, որովհետեւ այդ հագուստներուն անցնող ութ տարիներուն գտնուած վայրը անծանօթ է:
Միւս կողմէ, ռուսական «Քոմերսանթ» օրաթերթը կը նշէ, որ Արաֆաթի դիակի գերեզմանէն դուրս բերումն ու դիազննութիւնը պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի եւ անոր ղեկավարած «Ֆաթհ» շարժումին կրնայ ծանր հարուած պատճառել:
Ըստ օրաթերթի յօդուածագիր Քիսինա Սվեթլովայի, փոլոնիումի հետքերու յայտնաբերման եւ Արաֆաթի մահուան այդ շողարձակ նիւթին հետ կապ ունենալուն նպատակը այդ հարցին մէջ Թել Աւիւի մեղսակցութիւնը ցոյց տալն է, որովհետեւ Իսրայէլ Միջին Արեւելքի մէջ միակ երկիրն է, որ հիւլէական ճարտարարուեստ ունի: Միւս կողմէ, Պաղեստինեան իշխանութիւնը, որ իր նախագահի մահուան շուրջ հետաքննութիւն չկատարեց, այսպիսով ինք եւս հարցին մեղսակից պիտի ըլլայ:
Ռուս յօդուածագիրը կը նշէ, որ քաթարեան «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանը ներկայիս պաղեստինեան ներկայ իշխանութեան վարկը աղաւաղելու համապարփակ արշաւի մը ձեռնարկած է, որովհետեւ շարունակ տապալած արաբ ղեկավարներու եւ իսրայէլացի պաշտօնատարներու հետ Մահմուտ Ապպասի նկարները կը ցուցադրէ, իսկ այս արշաւին նպատակը այն պատգամը փոխանցելն է, թէ Ապպասի ժամանակաշրջանը վերջ գտած է:
Նշենք, որ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ահմետ պըն Հըլլի երէկ յայտնեց, որ Թունուզ Արաֆաթի մահուան պայմաններուն շուրջ արաբական նախարարական ժողով մը պահանջած է:
- 0 Comments
- 60 views
- Tweet
Email
Print




