Sunday May 19, 2013

Իրան Թշնամիի Օդուժի Զօրակայանները «Հաշուըուած Վայրկեաններու Ընթացքին» Խոցելու Ծրագիր Մշակած Է

By adminx - Fri Jul 06, 7:23 am

Զօր. Ամիր Ալի Հաճիզատէ

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի օդատիեզերական ստորաբաժանումի ղեկավար զօր. Ամիր Ալի Հաճիզատէ յայտարարած է, որ Իրան մշակած է արտաքին յարձակումներուն պատասխան քայլերու ռազմավարական ծրագիր մը, որուն նպատակն է շրջանին մէջ տեղակայուած ամերիկեան 35 ռազմակայաններու ոչնչացումը` արտաքին յարձակումէն ընդամէնը «հաշուըուած վայրկեաններ ետք»:

«Բոլոր այս ռազմակայանները կը գտնուին մեր հրթիռներուն հասողութեան տակ», ըսած է զօրավարը:

Ան նշած է, որ այս շաբթուան սկիզբը Յեղափոխական պահակագունդին կատարած ռազմափորձերը նաեւ կը միտէին թշնամիի օդուժի կայանը իրանեան հրթիռային հարուածով խոցելու քայլերու մշակման: Ըստ զօրավարին, ռազմափորձերուն ընթացքին իրանեան հրթիռները յաջողած են բոլոր թիրախները հարուածել:

«Մեծ մարգարէ-7» անունը ստացած ռազմափորձերուն երկրորդ օրը Տեշտէ-Լուտ անապատին մէջ արձակուած են «Շահապ-1», «Շահապ-2», «Շահապ-3», «Զալզալ», «Ֆաթեհ» հրթիռները: Ըստ պահակագունդի օդատիեզերական ստորաբաժանումի ղեկավարին, Իրան մինչեւ 2000 քիլոմեթր հասողութիւն ունեցող հրթիռներ ունի, սակայն ռազմափորձերուն ժամանակ կ՛օգտագործուին միայն 1300 քիլոմեթր հասողութեամբ հրթիռները:

Նշենք, որ ռազմափորձերը տեւեցին երեք օր եւ աւարտեցան չորեքշաբթի օր:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը քննադատած է Իրանի կողմէ միջցամաքամասային հրթիռներու փորձարկումը` յիշեցնելով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ յունիսին որդեգրուած թիւ 1929 բանաձեւը, որ «Իրանի կ՛արգիլէ զբաղիլ որեւէ գործողութեամբ, որ կ՛առնչուի միջցամաքամասային հրթիռներուն»:

Ռուս փորձագէտները թերահաւատութեամբ կը վերաբերին  զօր. Հաճիզատէի յայտարարութեան: Աշխարհաքաղաքական խնդիրներու ակադեմիայի առաջին փոխնախագահ, զինուորական գիտութիւններու տոքթոր Քոնսթանթին Սիվքով նշած է, որ Իրան ոչ մէկ պարագայի կրնայ «հաշուըուած վայրկեաններու ընթացքին» խոցել ամերիկեան ռազմակայանները: Ան նշած է, որ իրանեան ամէնէն հեռահաս հրթիռը «Շահապ-3»-ն է, որ միայն վերջերս փորձարկուած է, իսկ շրջանին մէջ ամերիկեան ռազմակայանները կը գտնուին նկատառելի հեռաւորութեան վրայ:

Leave a Reply

Advertisement