Wednesday Jun 19, 2013

100-Ամեակի Մարմինի Ժողով` Հայաստանի Դեսպանատան Մէջ

By adminx - Fri Jul 06, 7:17 am

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինը իր հերթական նիստը գումարեց  չորեքշաբթի երեկոյեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ: Ժողովին ներկայ եղան Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան եւ դեսպանատան Ա. քարտուղար Վարդան Ադամեան:

Ժողովի օրակարգն էր 100-ամեակի պետական յանձնախումբին հետ հետագայ ծրագիրները համակարգելու հարցը: Այս առումով , խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան կեդրոնական, շրջանային եւ տեղական մարմիններու ծրագիրներուն ծանօթանալու  եւ յատկապէս 100-ամեակի տարուան ընթացքին` 2015-ին, Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ  կատարուելիք աշխատանքներու ընդհանուր ուղղութիւններու ճշդումին անհրաժեշտութեան վրայ:

Leave a Reply

Advertisement