Sunday May 26, 2013

Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Մանկապարտէզի Հանդէս

By adminx - Fri Jul 06, 5:35 am

Ուրբաթ,  8 յունիս 2012-ի երեկոյեան, «Սիրան Մանուկեան» հանդիսասրահի գեղեցկօրէն յարդարուած բեմը կը ներկայացնէր բնութենէն պատկեր մը` մեծ ու փոքր տնակներ` շրջապատուած ծառերով: Աջին զետեղուած էր մեծ գիրք մը, մինչ կեդրոնը կը զարդարէր «Հայ գիրքի տարի» եռագոյն գրութիւնն ու «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ» տողը:

Լիբանանի, Հայաստանի ու քոլեճի քայլերգներու ունկնդրութենէ ետք, Ծաղիկ դասարանէն Կալի Թահմիզեան կատարեց բացման խօսքը ու նշեց, թէ հանդէսը խորագրուած է «Ամենալաւ տունը»` նուիրուած հայ գիրքին: Ապա բեմ բարձրացան մանկամսուրի մանուկները, որոնք իրենց բեմական առաջին փորձառութիւնը ապրեցան` մերթ բեմէն իրենց ծնողները փնտռելով ու մերթ պարելով չափական եղանակի  կշռոյթով, ուրախութեամբ լեցնելով իրենց ծնողներուն ու հարազատներուն սրտերը:

Ապա հանդէս եկան Կոկոն 1-ի աշակերտները, «Իմ լաւ փոքրիկ» եւ «Ալքիթեպ» խմբերգներով, որմէ ետք Կոկոն 2-ը գիրքով ու նուագարանով ներկայացուց չափական պար մը:

Յայտագրի յաջորդ բաժինը ընթացաւ «Ամենալաւ տունը» խորագրուած թատրոնին ընդմէջէն: Արդարեւ, Ծաղիկ դասարանը յաջորդաբար հանդէս եկաւ «Ճուտիկի ու աքլորի պար» եւ «Ծաղիկներու պար»-երով, իսկ Բողբոջ դասարանի մանուկները եռագոյնը հպարտօրէն պարզած` զինուորական տարազներով բեմ բարձրացան, ներկայացնելով «Հայկական բանակ» պարը, որ շատ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց ներկաներուն մօտ:

Կոկոնի աշակերտներու «Արտուտիկ» երգէն ու Բողբոջներու «Թռչուններու պար»-էն ետք, վերջապէս թռչունները գտան իրենց փնտռած ճուտիկին տունը ու հոն առաջնորդեցին զայն, մինչ փոքրիկ դերակատարները հաստատեցին, թէ այնպէ՛ս` ինչպէս  բոլոր անասունները ունին իրենց տունը, այդպէս ալ մարդիկ ունին իրենց բնակարաները ու անոր կողքին` իրենց հայրենիքը: Ծննդավայր Լիբանանի ի պատիւ` Կոկոն 2 դասարանը ներկայացուց լիբանանեան պար մը, որմէ ետք մայր հայրենիք Հայաստանի ի պատիւ` Ծաղիկ դասարանէն Մեղեդի Տէր Յարութիւնեան  ասմունքեց Ե. Չարենցի «Գովք Հայաստանի» բանաստեղծական կտորը, իսկ Կոկոն 1-ը գեղեցիկ կերպով ներկայացուց Հայաստանի նուիրուած հայկական պար մը:

Ապա շրջանաւարտ փոքրիկները, իրենց վկայականի տարազներով ու իրենց դաստիարակներուն առաջնորդութեամբ տողանցեցին սրահէն դէպի բեմ, ուր հարուածային գործիքներով ներկայացուցին երկու նուագ, երգեցին` «Բարձրիկ Հայաստան», «Քիթապիլ ղելի», «Պուքս ար ֆան» երգերը ու խանդավառ ու ինքնավստահ պարեցին «Իմ անունը Հայաստան է» երգին կշռոյթով:

Գեղարուեստական բաժնի աւարտէն ետք խօսք առաւ քոլեճի մանկապարտիզպանուհի` Վերա Ստեփանեան: Ան ողջունելէ ետք ներկաները, մաղթեց որ բոլոր հայ փոքրիկները մեծնան հայօրէն, ըլլան լաւ հայեր ու սատարեն հայ ազգի բարգաւաճման գործընթացին: Ապա իր ու անձնակազմին անունով շնորհաւորեց վկայեալները, որոնք պիտի ստանային իրենց կեանքի առաջին վկայականը: Վ. Ստեփանեան շնորհակալութիւն յայտնեց մանկապարտէզի ուսուցչակազմին ու պաշտօնէութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք սատարած են հանդէսի յաջողութեան, ապա բեմ հրաւիրեց քոլեճի տնօրէն Զոհրապ Ղազարեանը:

Տնօրէնը խօսք առնելով` նշեց, թէ շրջանաւարտ փոքրիկները մօտիկ անցեալին դողդոջ քայլերով կ՛ուղղուէին դպրոց, մինչ այսօր արդէն գրաճանաչ են, ու աւելցուց. «Մեր վարժարանի գեղեցիկ ու գոյնզգոյն բուրաստանը հանդիսացող մանկապարտէզը, այս տարի եւս հոգեւոր ու մտային ուսում ջամբեց բուրումնաւէտ բողբոջներուն, կոկոններուն եւ ծաղիկներուն: Անոնք խանդ ու աւիշ ստացան նուիրեալ ուսուցչուհիներու եւ հոգատարներու հսկողութեամբ: Յատկապէս Ծաղիկ դասարանի շրջանաւարտները, որոնք մանկապարտէզի երեք դասարանները ամբողջացնելէ ետք, ֆիզիքապէս մեծցած, հոգեպէս աւելի հասունցած, մտաւոր նուաճումներ արձանագրած, այսօր հրաժեշտ կու տան այս հեքիաթային աշխարհին` անցում կատարելու համար դէպի նոր հանգրուան մը` նախակրթարան»:

Հանդէսին ներկայ Խաչիկ քհնյ. խօսք առնելով շնորհաւորեց վկայուող փոքրիկները, անոնց ծնողներն ու կրթական պատասխանատուները,   դրուատեց հայ դպրոցին դերը եւ կոչ ուղղեց ծնողներուն՝ իրենց զաւակները անվարան առաջնորդելու հայկական վարժարան, ուր անոնք լաւորակ ուսման կողքին, կը ստանան նաեւ հայեցի դաստիարակութիւն:

Հանդէսի աւարտին տեղի ունեցաւ հրավառութիւն:

Մանկապարտէզի  վկայական ստացան`

Ծաղիկ 1.- Լիլա Արգուսեան, Կալի-Մարիա Թահմիզեան, Ռենա Խալիլ, Գարին Խտըրեան, Մարիլին Մերտինեան, Նարօտ Մինասեան, Թաթիանա Պետիկեան, Սալբի Սալորեան, Մեղեդի-Քրիսթին Տէր Յարութիւնեան, Վարդօ Ասատուրեան, Ճօուի Սթամպուլեան, Ներսէս Պետրոսեան:

Ծաղիկ  2.-  Փերլա Ադամեան, Քրիսթել Անթունեան, Մեղրի Ապտալեան, Մանէ Թորոյեան, Ճենի Հալլաճեան, Մարիանա Հաւանճեան, Կալիա Հէյպելեան, Կալի Ճինպաշեան, Սելին Մանուկեան, Յակոբ Եափուճեան, Հրակ Թաթեան, Յարութ Մելքոնեան, Լազար Մուրատեան, Վարագ Տէր Ղազարեան:

Leave a Reply

Advertisement