Ակնարկ. Քաղաքացիական Շարժումներ Եւ Արդիւնքի Նախադրեալներ
By adminx - Thu Jul 05, 7:55 am
- 0 Comments
- 68 views
- Tweet
Email
Print
«Հարսնաքարի»-ի ողբերգութեան դիմաց ստեղծուած հասարակական ընդվզումի ալիքը կարեւոր հանգրուան նուաճեց երեքշաբթի օր, երբ Հայաստանի սակաւապետական շրջանակներու ամէնէն կարկառուն դէմքերէն Ռուբէն Հայրապետեանը հրաժարեցաւ երեսփոխանական իր պաշտօնէն: Կարելի է ըսել, որ այս իրադրութիւնը նոյնիսկ աննախընթաց երեւոյթ է Հայաստանի քաղաքական-պետական վերջին շրջանի կեանքին մէջ:
Հարցերու բնոյթի եւ տարողութեան հիմնական տարբերութիւնները նկատի ունենալով` հասարակական ալիքի բարձրացման եւ խնդիրներու հանգուցալուծման ձեւերուն մէջ հասարակ յայտարարներ կը նկատուին: Մտաբերենք Մաշտոցի պուրակին հետ կապուած քաղաքացիական շարժումը, նախագահի միջամտութեամբ հարցին յանկարծակի լուծումը: Եւ այս պարագային հայ սպայ-բժիշկին ծեծամահ ըլլալը, հասարակական համատարած ընդվզումի զարգացումը, սակաւապետ Հայրապետեանի ապաշխարումն ու մանաւանդ Ազգային ժողովէն հրաժարականը:
Այստեղ երկու կարեւոր օղակ կայ, որոնց վրայ պէտք է կեդրոնանալ պահ մը: Նախ այս պարագային մէկ կողմը Ազգային ժողովի պատգամաւորն է, միւս կողմը պաշտպանութեան նախարարութեան կառոյցները` տրուած ըլլալով, որ ծեծամահ ընողը պատգամաւորի թիկնապահն է եւ մահացողը պաշտպանութեան նախարարութեան սպայ-բժիշկը: Երկրորդ, թէեւ Հայրապետեանը որեւէ ձեւով չի նշեր, որ ընդառաջած է նախագահի ցուցմունքին, այնուամենայնիւ պարզ է, որ իր յայտարարութիւնը կատարած է նախագահին հետ տեսակցութենէն ետք: Նոյնքան պարզ է, որ առանց նախագահի կարգադրութիւններուն հարցի հանգուցալուծման կարեւոր այս կանգառը տեղի չէր ունենար:
Կը սպասուի անշուշտ օրէնքի խստագոյն կիրարկման` հայ սպային նկատմամբ դաժանագոյն կերպով վարուածներուն նկատմամբ: Թէ՛ լրագրական եւ թէ՛ քաղաքական դաշտին մէջ կայ անվստահելիութեան մթնոլորտ, կասկած` յանցաւորները խստագոյն պատիժի ենթարկելու կամքին նկատմամբ:
Առարկայական մօտեցում ցուցաբերած ըլլալու համար յիշելը լաւ է, որ նախապէս եղած են նման պատահարներ, բռնարարքներ, բռնութեան հետեւանքով մահ արձանագրուած է, որոնց դիմաց հովանաւորեալները չեն ստացած իրենց յանցանքի համապատասխան բաժինը: Հովանաւորողները` երբեք: Այսօր, գէթ հովանաւորը գին վճարած է: Թիկնապահները բանտարկուած են. կ՛ակնկալուի դատավարութիւն եւ յանցանքի համապատասխան պատժաչափեր:
Խնդիրը այս բոլորին մէջ դէպքերու բացառումն է: Աւելի քաղաքական բառապաշարով` խորհրդարանի ապասակաւապետականացման անհրաժեշտութիւնը, թիկնազօրային օրէնքի որդեգրումը, թիկնապահներու թիւի սահմանափակումը, անոնց գործառոյթներու յստակացումը, բռնութիւնները` հարցերու լուծման համար օրէնքով կանխարգիլելու հրամայականը:
Կար ի հարկէ հարցի հանգրուանային լուծման այլ տարբերակ, երբ խորհրդարանը ի՛նք զրկէր Հայրապետեանը անձեռնմխելիութենէ` անուղղակի զինք առաջնորդելով դատարան: Այդ պարագային, խորհրդարանի մեծամասնական կուսակցութիւնը ստիպուած պիտի ըլլար իր անդամին նկատմամբ կեցուածք որոշելու, եթէ ի հարկէ վերեւներէն նման կանաչ լոյս ստանար:
Մեր երկիրը, ցաւօք, ունի Աւետեաններու այլ օրինակներ: Ամենաթողութեան, անպատժելիութեան, հովանաւորչութեան ժամանակները պիտի անցնին հայրենիքի վրայէն: Այսօր կա՛յ խորհրդարանէն եւ պետական հաստատութիւններէն դուրս առողջ հասարակական շարժում, որ Երեւանի դիմագիծի պահպանման, հայրենիքի կենսոլորտին նկատմամբ ցուցաբերած նախանձախնդրութեամբ եւ հիմա ալ հովանաւորեալ անպատժելիութեան դէմ պայքարելու անտեղիտալիութեամբ որոշած է փողոց դուրս գալ եւ պայքարիլ: Կը թուի, որ այս առողջ շարժումն է, որ սկսած է իր արդիւնքը տալ:
«Ա.»
- 0 Comments
- 68 views
- Tweet
Email
Print



