«Սահմանամերձ Շրջանները Կը Դատարկէք, Որպէսզի Հայաստանի՞Ն Տաք» Կ՛ըսէ Թուրք Երեսփոխան Մը
By adminx - Thu Jul 05, 7:54 am
- 0 Comments
- 225 views
- Tweet
Email
Print
Թրքական «Հապեր իքս» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան երեսփոխան Էնսար Օղութ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ Հայաստանի հետ սահմանակից Արտահան նահանգէն արտագաղթին շուրջ բողոքի արարք կատարած է` հանելով փողկապը եւ կարգախօս մը պարզելով:
Թուրք երեսփոխանը ամպիոնին մօտ յայտարարած է, թէ Արտահանի Չըլտըր շրջանին մէջ բժիշկ չկայ, ուսուցիչ չկայ, փակուած է բանտը եւ բնակչութիւնը արագ թափով կ՛արտագաղթէ:
Էնսար Օղութ ամպիոնին մօտ ընդվզելով իշխանութիւններուն հարց տուած է. «Արտահանի Չըլտըրը կը դատարկէք, որպէսզի մեր հողերը Հայաստանի՞ն տաք»: Խօսքը արտասանելէ ետք թուրք երեսփոխանը փողկապը հանած եւ նետած է ամպիոնին, նաեւ պարզած է կարգախօս մը, որուն վրայ եղած է Հայաստանի հետ սահմանակից շրջաններու դատարանները բանալու պահանջ մը:
- 0 Comments
- 225 views
- Tweet
Email
Print




