«Հակառակ Լրջագոյն Յառաջընթացին` Հայաստան Տակաւին Ընելիքներ Ունի» Կ՛ըսէ Հերման Վան Ռոմբոյ
By adminx - Thu Jul 05, 7:53 am
- 0 Comments
- 88 views
- Tweet
Email
Print
Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Հերման Վան Ռոմբոյ երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովի մէջ Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի եւ Ազգային ժողովի խմբակցութիւններուն հետ հանդիպման ընթացքին Հայաստանի եւ անոր ջանքերուն մասին ըսաւ ջերմ խօսքեր:
Անոր համաձայն, 6 մայիսի ընտրութիւնները ցոյց տուին, որ Հայաստան արձանագրեց լրջագոյն յառաջընթաց եւ որ կայ քաղաքական կամք: Ան նաեւ աւելցուց, որ կան աննշան թերութիւններ, որոնք յոյս կայ, որ պիտի շտկուին նախագահական ընտրութիւններուն:
«Ինծի համար մեծ պատիւ է ըլլալ ձեր հինաւուրց, աշխարհի հնագոյն եկեղեցիները ունեցող երկրին մէջ», իր խօսքը Հերման Վան Ռոմբոյ սկսաւ այս բառերով: Ան ողջունեց «Արեւելեան գործընկերութեան» ծիրին մէջ Եւրոպական Միութիւն – Հայաստան համագործակցութեան գործնական քայլերու ենթահողին մէջ մեր երկրին կողմէ կատարուող բարեփոխումները, որոնց ուղղութեամբ Հայաստանի գործադրած ջանքերը նկատելի են Եւրոպական Միութեան համար:
Բարձրաստիճան հիւրը նշեց, որ տակաւին ընելիքներ կան երկրին մէջ մարդու իրաւունքներու, ժողովրդավարութեան հիմնարկներու զարգացման, կրօնական փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ այլ հարցերու հետ կապուած, սակայն ձեռքբերումները նկատելի են:
Հայաստանը անուանելով Եւրոպական Միութեան գործընկեր` Հերման Վան Ռոմբոյ նշեց, որ երկրին մէջ երկխօսութեան, փոխադարձ գործակցութեան մթնոլորտ ձեւաւորելը կը պահանջէ քաղաքական մեծ կամք, որ դիւրին խնդիր չէ, սակայն իրատեսական:
Հերման Վան Ռոմբոյ իր ելոյթին զգալի մէկ մասը նուիրեց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հեռանկարին եւ ընդգծեց, որ Հայաստանը եւ Ազրպէյճանը քայլեր պէտք է առնեն տագնապի լուծման ճամբուն վրայ եւ մեծ մտահոգութիւն արտայայտեց հայ-ազրպէյճանական սահմանին հրադադարի խախտման պատճառով մարդկային կորուստներուն առնչութեամբ:
Եւրոպական խորհուրդի նախագահը հաւաստիացուց, որ այսուհետեւ եւս ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ջանքերը աջակցութիւն պիտի ստանան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի եւ Հարաւկովկասեան տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան հաստատման հարցով:
Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան, իր կարգին, ողջոյնի իր խօսքին մէջ նշեց, որ Եւրոպական Միութեան հետ մերձեցումը, ինչպէս նաեւ եւրոպական երկիրներուն հետ երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացումը Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն է եւ գոհունակութիւն յայտնեց առ այն, որ Հայաստան–Եւրոպական համագործակցութեան երկկողմ շրջանակը վերջին տարիներուն զգալիօրէն ընդլայնուած է:
Այս երկու ելոյթներով Ազգային ժողովին մէջ անսպասելիօրէն աւարտեցաւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Հերման Վան Ռոմբոյի եւ Ազգային ժողովի խմբակցութիւններու հանդիպումը` թէեւ նախապէս խմբակցութիւններուն յայտնուած էր, որ անոնց Հերման Վան Ռոմբոյին հարցեր ուղղելու կարելիութիւն պիտի տրուի, ինչ որ սակայն տեղի չունեցաւ:
- 0 Comments
- 88 views
- Tweet
Email
Print




